ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆԻՆ ՄՐՑԱՆԱԿ

Երէկ երեկոյեան, Մարդու իրաւանց միութեան կեդրոնատեղիին մէջ, Պէյօղլու, տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխման արարողութիւն մը։ Այս առթիւ յանձնուեցան՝ ի յիշատակ հանգուցեալ մտաւորական Այշէնուր Զարաքօլուի հաստատուած տարեկան մրցանակները։ «Արտայայտութեան ու մտքի» սոյն մրցանակի այս տարուան դափնեկիրներու շարքին էր «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն էջերու խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան։ Միւս պարգեւատրեալներուն հետ ան եւս ստացաւ իր մրցանակը՝ գնահատանքով շրջապատուելով հաւաքոյթի մասնակիցներուն եւ ծրագրի կազմակերպիչներուն կողմէ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 10, 2023