ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԹԱՓ ԿԸ ՀԱՒԱՔԵՆ

Մինչ շաբաթավերջին Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը՝ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ, Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորումով պայմանաւորուած դիւանագիտական երթեւեկը վերստին թափ կը հաւաքէ։ Յամենայնդէպս, դաշտի վրայ իրադարձութիւնները կը մնան մտահոգիչ՝ մանաւանդ, որ ամիսներէ ի վեր Արցախը ամբողջութեամբ պաշարուած է։ Մայիսի 9-ի առթիւ, երէկ, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ մեծ հանրահաւաք մը, որ համախմբեց շրջափակեալ Արցախի հայութիւնը։ Նիկոլ Փաշինեանն ալ երէկ Մոսկուայի մէջ մասնակցեցաւ Մայիսի 9-ին առթիւ կազմակերպուած աւանդական մեծ զինուորական տողանցքին՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրին ընդառաջ։ Փաշինեանի առընթեր, ԱՊՀ-ի կարգ մը երկիրներու ղեկավարներ ալ Մոսկուա փութացած էին։ Փութին իւրաքանչիւրը դիմաւորեց հանդիսաւոր ձեւով եւ անոնց հետ աշխատանքային նախաճաշի սեղանի մը շուրջ համախմբուեցաւ։ Մոսկուայէն թողարկուեցան նաեւ Փաշինեանի եւ Փութինի ձեռնուելու պահուն դրուագները, սակայն, ըստ երեւոյթին, անոնց միջեւ երկկողմանի հանդիպում մը տեղի չէ ունեցած։

Երէկ, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յիշեցուց, որ շաբաթավերջի Պրիւքսելի հանդիպումէն վերջ, Փաշինեան-Ալիեւ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին Մոլտովայի մայրաքաղաքը՝ Քիշինեւի մէջ, ուր այս անգամ իրենց պիտի միանան Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնն ու Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցը։ Իր կարգին, Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Պարոյր Յովհաննիսեանն ալ երէկ յայտնեց, որ Փաշինեան-Միշել-Ալիեւ Պրիւքսելի հանդիպումէն վերջ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին Մոսկուայի մէջ, դարձեալ եռակողմանի ձեւաչափով։ Ան չյստակացուց, թէ Մոսկուայի բանակցութիւնները ի՞նչ մակարդակի վրայ պիտի ըլլան։ Այսինքն յայտնի չէ, որ Փաշինեան եւ Ալիեւ Փութինի՞ն հետ պիտի տեսակցին, թէ ոչ արտաքին գործոց նախարարները պիտի մէկտեղուին։ 

Արմէն Գրիգորեան երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ անդրադարձաւ նաեւ մօտաւոր անցեալին՝ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի բանակցութիւններուն։ Իր խօսքով՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ համաձայնութիւն չէ գոյացած որեւէ կարեւոր հարցի շուրջ, բանակցութիւններու մէջ յառաջընթաց չէ արձանագրուած։ Արմէն Գրիգորեանի այս խօսքերը ուշագրաւ են՝ քանի Ուաշինկթընէն՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղարութեան աղբիւրները յաճախ կը յայտնեն, որ զգալի յառաջընթաց արձանագրուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովն ալ երէկ յայտնեց, որ Պրիւքսելի մէջ կայանալիք Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումը դրական գործօն կը համարուի։ «Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ժամանակ մենք քայլ մը առաջ գացինք», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ շաբաթավերջի Պրիւքսելի հանդիպումը յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մաս պիտի կազմէ։ Ան ընդհանուր առմամբ դրական գործօն համարեց առաջնորդներու հանդիպումը։ «Բանակցութիւններուն եւ անոնց արդիւնքներուն երկար չենք սպասեր», ըսաւ Պայրամով։

Իր կարգին, Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինն ալ երէկ լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ յայտնեց, որ իր երկիրը ամենայն լրջութեամբ կը վերաբերի Հայաստանի նկատմամբ դաշնակցային պատասխանատուութիւններուն։

Չորեքշաբթի, Մայիս 10, 2023