ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԱԾՈՅ

Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է համակրելի գրող Գարին Քարաքաշլըի բանաստեղծութիւններու նոր ժողովածոյին, որ կը կոչուի «Kenar Süsü»։ Գարին Քարաքաշլը հեղինակ մըն է, որ կ՚արտադրէ պատմուածքներ, վէպեր եւ այլն։ Այս նոր գիրքը կու գայ համալրել անոր բանաստեղծական արտադրանքը։ Ան իսկապէս լաւ կը տիրապետէ թրքերէնին եւ այդ հանգամանքը միշտ նոր հորիզոններ կը բանայ՝ իր ներաշխարհի դրսեւորումներուն եւ ընթերցողի հետ կենսունակ հաղորդակցութեան առջեւ։

Գարին Քարաքաշլըի այս գիրքը խմբագրած է «Արաս»ի գլխաւոր խմբագիր Ռոպէր Քոփթաշ։ Գեղարուեստական ձեւաւորումը կատարուած է Մելիսա Արսէնեանի կողմէ։

Վստահաբար գիրքը առարկայ դառնայ բանաստեղծութեան համակիրներու անմիջական ուշադրութեան։

Չորեքշաբթի, Մայիս 10, 2023