ՖԻԼՄԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Պէյրութի «Հայկազեան» համալսարանին մէջ վերջերս ցուցադրուեցաւ «Մոռցուած հայրենիք» փաստավաւերագրական ժապաւէնը։ Հանդիսաւոր ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որուն ներկայ գտնուեցաւ ֆիլմի բեմադրիչը՝ Էսսամ Նաճի եւ արտադրութեան գործադիր համակարգող տքթ. Արմէն Մազլումեան, որ յատկապէս այս առթիւ մեկնած էր Եգիպտոսէն։

73 վայրկեան տեւողութեան այս ժապաւէնը արտադրուած է «First Tree Art Production»ի կողմէ։ Անցեալ տարուան յուլիսին Հայաստանի մէջ կեանքի կոչուած ծրագիր մըն է այս մէկը, որ կը վերաբերի 2020 թուականի Արցախի պատերազմին։ Գործը կը ցոլացնէ նահատակեալ 5 հազար հայ զինուորներու, քաղաքացիներու կորուստներուն, անոնց բոլորի ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ Սիւնիքի մարզին բաժին վիճակած յետպատերազմեան դժուարութիւններուն։

Հաւաքոյթին ներկայ էր նաեւ «Հայկազեան» համալսարանի նախագահ վերապատուելի տքթ. Փոլ Հայտոսթեան։

Չորեքշաբթի, Մայիս 10, 2023