ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԱՐԺԱՆԹԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ

Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան վերջերս այցելեց Արժանթին։ Բացի տեղւոյն հայութեան հետ բազմակողմանի շփումներ ունենալէ, Պուէնոս Այրէսի մէջ ան տեսակցեցաւ Արժանթինի Մարդու իրաւանց ու մշակութային բազմազանութեան պետական քարտուղար Քլաուտիօ Աւրուխի հետ։ Յակոբեան ընդունուեցաւ նաեւ Արժանթինի խորհրդարանի Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի ղեկավար երեսփոխան Պրենտա Օսթինի հետ։

Ուղեւորութեան ծիրէն ներս, Հրանոյշ Յակոբեան օր մըն ալ այցելեց Քորտոպա, ուր եւս տեսակցեցաւ հայ համայնքին հետ, ընդունուեցաւ տեղական իշխանութիւններուն կողմէ։

Շաբաթ, Յունիս 10, 2017