ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԴՐԱՄԱՏԱՆ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՆԱԽԱԳԱՀ

Մինչ ընտրութիւններուն զուգահեռ երկրի ղեկավարութեան նոր դէմքերը յայտնի դարձած են եւ Թուրքիա ներկայիս տնտեսական գետնի վրայ լուրջ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, երէկ երեկոյեան Կեդրոնական դրամատան համար նշանակուեցաւ նոր նախագահ մը։ Այսպէս, սոյն պաշտօնին կոչուեցաւ 45-ամեայ Հաֆիզէ Կայէ Էրքան, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ լուրջ փորձառութիւն կուտակած է դրամատնային ոլորտին գծով եւ մեծ համբաւ ձեռք բերած՝ իր արձանագրած յաջողութիւններով։ Մինչ երկիրը ահաւոր դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուի ելմտական ու տնտեսական բնագաւառներու պարագային, առկայ նուրբ փուլին Հաֆիզէ Կայէ Էրքան Կեդրոնական դրամատան գլուխը անցնիլ ընդունած է՝ յանձն առնելով պատասխանատու առաքելութիւն մը։

Կեդրոնական դրամատան նախագահ Կայէ Էրքան երէկ իսկ նոր պաշտօնը ստանձնեց իր նախորդէն՝ Շահապ Քավճըօղլուէն։

Շաբաթ, Յունիս 10, 2023