ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՒ ՓՈՒԹԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ ՍՈՉԻԻ ՄԷՋ

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին հանդիպում մը ունեցան Սոչիի մէջ, ուր կազմակերպուած էր ԱՊՀ-ի եւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ երկիրներու վարչապետներուն հաւաքը։ Փութինն ալ Սոչի մեկնած էր այդ հաւաքին մասնակցելու համար եւ առիթէն օգտուելով աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ Փաշինեանի հետ։ Ի դէպ, այս տեսակցութեան հետ նոյն օրը շարունակուեցան Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ոտնձգութիւնները Հայաստանի սահմաններուն եւ Արցախի դէմ։ Զրոյցի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց, որ պաշարեալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական տագնապը կը շարունակուի։ Վարչապետը հերթական անգամ մատնանշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղ կը գտնուի Ռուսաստանի խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիին մէջ, սակայն, դժբախտաբար, այնտեղ իրավիճակը, մարդասիրական իրավիճակը կը շարունակէ լարուած մնալ։ Արցախի մէջ արդէն քանի մը ամիսէ ի վեր չկայ կազ ու ելեկտրականութիւն, Լաչինի միջանցքին մէջ իրավիճակը կը շարունակէ մնալ բաւական լարուած։ «Ի միջի այլոց պէտք է ընդգծեմ, որ այժմ մթերքներու մատակարարումը դէպի Լեռնային Ղարաբաղ կ՚իրականացուին ռուս խաղաղապահներու աջակցութեամբ, քանակութիւնը սահմանափակ է», ընդգծեց Փաշինեան հանդիպման սկիզբի հրապարակային բաժնին մէջ։

Փաշինեան-Փութին հանդիպումը տեղի ունեցաւ՝ Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուած Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի բանակցութիւններու յետաձգման որոշումէն անմիջապէս վերջ։ Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզին ԹԱՍՍ գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նպատակն է իր երկիրը դուրս մղել Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացէն։ Մինչ այդ, երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ ունեցաւ՝ իր նշանակման յաջորդած առաջին հեռախօսազրոյցը։ Իր կարգին, Հայաստանի փոխ-վարչապետ Տիգրան Խաչատրեանն ալ երէկ յայտնեց, որ իր կարծիքով՝ կարճ ժամանակ անց տեղի կ՚ունենան Ուաշինկթընի յետաձգեալ բանակցութիւնները։ Հայկական լրահոսին մէջ արձագանգ գտած է, որ Ուաշինկթընի շփումը յետաձգուած է, որովհետեւ բանակցութիւններու ընթացքին նոր յառաջընթաց ապահովելու հնարաւորութիւն չէ եղած։

Յամենայնդէպս, տարածաշրջանի դիւանագիտական երթեւեկը կը շարունակէ մնալ բանուկ։ Ճէյհուն Պայրամով երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի հետ։ Միեւնոյն ժամանակ, ան հիւրընկալեց Հարաւային Կովկասի գծով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը, որ շփումներ ունեցաւ Պաքուի մէջ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ յաջորդ շաբաթ պիտի այցելէ Պաքու՝ որպէս իր վերընտրութեան յաջորդած առաջին արտասահմանեան ուղեւորութիւն։

Իր կարգին, Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք երէկ Սոչիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետներուն հետ։ Եռակողմանի աշխատանքային խումբի ձեւաչափին մէջ բանակցութիւններ ծաւալուեցան ինն ժամ։ Օվերչուք յայտնեց, որ համաձայնութիւն գոյացած է հիմնարար կէտերու շուրջ, երկաթուղիի անցնելիք ուղղութեան եւ մաքսային հսկողութեան իրականացման շուրջ։ Իր խօսքով՝ սա սովորական երկաթուղի մը պիտի ըլլայ, ոչ ոք կասկածի տակ կը դնէ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը։ Ան աւելցուց, որ բոլոր կողմերը կը փափաքին, որպէսզի տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման գործընթացը հնարաւորինս շուտ ստեղծուի։ Օվերչուք աւելցուց, որ Հայաստանէն կախեալ է, թէ իր տարածքով անցնելիք երկաթուղիի վերահսկողութիւնը ռուսական մարմիններու կողմէ կը կատարուի՞ կամ ոչ։

Շաբաթ, Յունիս 10, 2023