ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՐՑԱԽՈՅԶԻ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐՈՒ ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒՄ

Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնը քուէներ կը կորսնցնէ, երբ Անկելա Մերքէլի Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական միութիւնը կ՚ամրապնդէ իր դիրքերը եւ նոյնիսկ կրնայ Ազատ-ժողովրդավարական կուսակցութեան հետ համախմբական կառավարութիւն ակնկալել: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այդ մասին 21 Յունիսին գրած է գերմանական «Ֆրանքֆուրթէր Ալկեմայնէ Ցայթունկ» օրաթերրթը՝ վկայակոչելով «Տեմոքոփիօ» հիմնարկին (Ալենսպախ) կողմէ կատարուած հարցախոյզին տուեալները:

Եթէ Պունտեսթակի ընտրութիւնները կատարուէին անցեալ շաբաթ, ապա Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական միութիւն-Քրիստոնեայ-ընկերային միութիւն պահպանողականներու դաշինքը պիտի ստանար քուէներուն 40 առ հարիւրը, իսկ Ազատ-ժողովրդավարական կուսակցութիւնը՝ 10.5 առ հարիւրը:

Նախորդ ամիսներուն համեմատութեամբ երկու քաղաքական ուժերուն վարկանիշերը աճ արձանագրած են, Անկելա Մերքէլի գլխաւորած դաշինքի վարկանիշը աճած է 3 առ հարիւրով, ազատականներունը՝ 1.5 առ հարիւրով: Ընկերվար-ժողովրդավարները, ընդհակառակն, կորսնցուցած են երկու կէտ, այժմ անոնց ի նպաստ քուէարկելու պատրաստ է քուէարկողներուն 24 առ հարիւրը: Ատիկա աւելի վատ է, քան չորս տարի առաջ կատարուած ընտրութիւններուն ժամանակ, երբ անոնք ստացած էին ձայներուն 25.7 առ հարիւրը:

Հարցախոյզը նաեւ ցոյց տուած է, որ անոր մասնակիցներուն 45 առ հարիւրը կ՚ուզէ, որ երկրի վարչապետ մնայ Անկելա Մերքէլ, իսկ 20 առ հարիւրը կ՚ուզէ կառավարութեան ղեկավար տեսնել Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Մարթին Շուլցը: Փետրուարին դասաւորումը բոլորովին այլ էր. օրին հետազօտութեան մասնակիցներուն 39 առ հարիւրը կ՚աջակցէր Շուլցին, իսկ 26 առ հարիւրը՝ Մերքէլին:

Ուսումնասիրութեան տուեալներուն համաձայն, գերմանացիներուն մեծամասնութիւնը չի հաւատար Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան քաղաքականութեան արդիւնաւէտութեան:

Երկուշաբթի, Յուլիս 10, 2017