ԻՐԱՒՈՒՆՔ ԵՒ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ

Գլխաւոր ընդդիմադիր ՃՀՓ-ն երէկ հսկայ հանրահաւաք մը կազմակերպեց Մալթեփէի հրապարակին վրայ։ Կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլու, որ վերջին 25 օրերուն Անգարա-Իսթանպուլ ճանապարհը կտրած է հետիոտն, իր բողոքի երթի եզրափակիչ փուլին խօսք ուղղեց հոծ բազմութեան մը։ Կուսակցապետ Քըլըչտարօղլուի երթի կարգախօսն էր արդարութիւնը։ Երէկուան հանրահաւաքի մասնակիցներն ալ պահանջեցին իրաւունք եւ արդարութիւն։

ՃՀՓ-ի երեսփոխաններէն նախկին լրագրող Էնիս Պէրպէրօղլուի ձերբակալման դէմ բողոք յայտնելու համար Քըլըչտարօղլու ձեռնարկած էր այս արդարութեան երթին։ Մայրաքաղաքէն մինչեւ Իսթանպուլ քալելէ վերջ Քեմալ Քըլըչտարօղլու իր կողակցին հետ հանդէս եկաւ բեմահարթակին վրայ։ Ընդդիմադիր կուսակցապետը երկարաշունչ ելոյթի աւարտին ներկայացուց տասն կէտերէ բաղկացեալ արդարութեան կոչ մը։ Այդ տասն կէտերու շարքին շեշտուեցաւ, որ 15 Յուլիսի զինեալ յեղաշրջման փորձը կ՚անիծուի եւ ՖԵԹԷՕ-ի քաղաքական դերն ալ պէտք է բացայայտուի։ Պահանջուեցաւ արտակարգ դրութեան գործադրութեան ժամ առաջ բաւ համարուիլը, արդարադատութեան համակարգի անկախութիւնը, արտակարգ դրութեան հետեւանքով յառաջացած դժուարութիւններուն յաղթահարուիլը եւ տուժածներուն հատուցուիլը, ձերբակալեալ լրագրողներու ազատ արձակուիլը, երկրի աշխարհավար համակարգի խնայուիլը, վերջին հանրաքուէով ընդունուած սահմանադրութեամբ երկրին չղեկավարուիլը, հասարակութենէն ներս արդարութեան հաստատուիլը, բոլոր բնագաւառներէ ներս կանանց ազատ ըլլալը եւ ի վերջոյ նախայարձակ արտակարգ քաղաքականութեան վերջ գտնելը եւ արդարութեան արտաքին քաղաքականութեան մէջ գերիշխելը։

Հանրահաւաքի մասնակիցները նոյնաժամանակ ձեռք բարձրացնելով հաւանութիւն յայտնեցին Քըլըչտարօղլուի կոչի այս կէտերուն համար։

Քեմալ Քըլըչտարօղլու պատասխանեց նաեւ իրեն հասցէագրուած այն մեղադրանքներուն, թէ անկարելի է արդարութիւն փնտռել փողոցի մէջ։ Ընդդիմադիր կուսակցապետը ի պատասխան յայտնեց, որ եթէ երկրի մը մէջ կան մեծ անարդարութիւններ, արդարադատութեան համակարգը վճիռներ կ՚արձակէ քաղաքական իշխանութիւններու սպասումներուն համաձայն, մամուլը եթէ լռեցուած է, ապա արդարութիւն փնտռելու միակ վայրը փողոցն է։

Երկուշաբթի, Յուլիս 10, 2017