ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Իսրայէլի նորանշանակ դեսպան Էլիավ Պելոցերքովսքին, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Դեսպանի նստավայրը կը գտնուի Երուսաղէմի մէջ։

Հաւատարմագրի յանձնման արարողութեան յաջորդած զրոյցի ժամանակ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորեց նորանշանակ դեսպանը եւ ընդգծեց, որ Հայաստան կը կարեւորէ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը։ «Երկու երկիրները ունին համագործակցութեան մեծ հնարաւորութիւններ։ Ժամանակն է իրականութիւն դարձնել այդ հնարաւորութիւնները», ըսաւ Արմէն Սարգսեան։

Կողմերը անդրադարձան երկկողմանի կապերու զարգացման հեռանկարներուն՝ մասնաւորապէս նորարարութեան, տեղեկատուական փորձագիտութիւններու, մշակոյթի, զբօսաշրջութեան ոլորտներուն մէջ։ Իր կարգին, նորանշանակ դեսպանը յայտնեց, որ թէ՛ Իսրայէլ եւ թէ Հայաստան բաւական սակաւ բնական պաշարներ ունին եւ անոնց հիմնական հարստութիւնը մարդուժն է։ Նախագահ Սարգսեանն ալ ընդգծեց, որ Իսրայէլ նորարարութեան ու բարձր փորձագիտութիւններու հանգոյց մըն է, իսկ Հայաստանն ալ կը ձգտի նոյն նպատակին։ Ուստի, երկու երկիրները իրարմէ սորվելու շատ բան ունին։

Իսրայէլի նորանշանակ դեսպանը երէկ հաւատարմագրին կրկնօրինակը յանձնեց նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Գրիգոր Յովհաննիսեանին։ Ան յարգանքի այցելութիւն մըն ալ տուաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 10, 2019