ԱՆԹՈՆԻՕ ԿՈՒԹԵՐԵՍԻ ԿԱՆԽԱՏԵՍՈՒՄՆԵՐԸ

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես յայտարարեց, որ քորոնաժահրի համաճարակէն վերջ աշխարհի հաւանական զարգացումը կը տեսնէ երկու վարկածով։ Ըստ իրեն, համաճարակը խորացուցած է անվստահութեան մթնոլորտը աշխարհի երկիրներէն ներս, նաեւ պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւններու մէջ։ Մնաց, որ անվստահութեան տեսակէտէ իրավիճակը առանց այդ ալ արդէն բաւական բարդ էր։ Ուստի, համավարակէ վերջ աշխարհ կ՚ունենայ ապագայ զարգացման միայն երկու վարկած։

Aftonbladet-ի համար գրի առած յօդուածին մէջ Անթոնիօ Կութերես նշեց, որ թէեւ անկարելի է ապագան կանխատեսել, սակայն համաճարակէ վերջ աշխարհի զարգացման միայն երկու տարբերակ կը տեսնէ՝ լաւատեսական եւ յոռետեսական։ Ըստ Կութերեսի, այդ վարկածներէն վատագոյնը կ՚ենթադրէ «կլոպալ տեփրեսիոն» մը, որ կ՚ուղեկցուի այլատեացութեամբ։ «Եթէ այս վարկածը իրականանայ, մենք պիտի տեսնենք, թէ ինչպէս կը սաստկանան տարանջատումը, ամբոխավարութիւնը եւ այլատեացութիւնը։ Իւրաքանչիւր երկիր ինքնուրոյն պիտի գործէ կամ պիտի ըլլայ իբր թէ համախոհութիւններու մէջ՝ այնպիսիներու հետ, որոնք կը փափաքին համագործակցիլ միայն կարգ մը յստակ խնդիրներու շուրջ», ըսաւ Կութերես։

Ընդհանուր քարտուղարի կանխատեսումներով, լաւատես վարկածը կ՚ենթադրէ համընդհանուր վերականգնման եւ զարգացող պետութիւններուն օգնութիւն տրամադրելու յաջող ծրագիրը։ Այս վարկածի իրականացման պիտի նպաստէ յառաջիկայ ինն ամիսներու ընթացքին քորոնաժահրի դէմ արդիւնաւէտ եւ մատչելի պատուաստանիւթի մը ի յայտ գալը։ «Եթէ սա տեղի ունենայ, տնտեսութիւնն ալ աստիճանաբար վերականգնուի, ապա մենք պիտի սկսինք ընթանալ ճիշդ ուղղութեամբ եւ 2-3 տարի յետոյ որոշ չափով պիտի դառնանք բնականոն վիճակի», ըսաւ Անթոնիօ Կութերես։

Իր յօդուածին մէջ ընդհանուր քարտուղարը ընդգծեց, որ առայժմ դժուար է հասկնալ, թէ աշխարհ ի՞նչ ուղղութեամբ կ՚ընթանայ։ Բայց եւ այնպէս, անհրաժեշտ է ամէն ինչ ընել յոռետես վարկածէն խուսափելու եւ լաւատես վարկածի ուղղութեամբ շարժուելու համար։

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2020