ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՌՑԱՆՑ ՓԱՌԱՏՕՆ

«Արմմոնօ» թատերական փառատօնը 2020-ին պիտի նուիրուի Հրանդ Մատթէոսեանի 85-ամեակին։ Այսպէս, «Արմմոնօ» 18-րդ միջազգային թատերական փառատօնը այս տարի կը կայանայ օգոստոսի 1-10 թուականներուն միջեւ:

Փառատօնը կը նուիրուի հայ մեծանուն գրող, արձակագիր Հրանդ Մատթէոսեանի 85-ամեակին:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ այս մասին տեղեկացուցած է փառատօնի տնօրէն Մարիաննա Մխիթարեան: Ըստ իրեն, բոլոր ներկայացումները տեղի կ՚ունենան բացօթեայ՝ խստօրէն պահպանելով հակահամաճարակային կանոնները:

Փառատօնի բոլոր ներկայացումները կը ցուցադրուին նաեւ առցանց՝ միաժամանակ ուղիղ հեռարձակմամբ, քանի որ հանդիսատեսի թոյլատրելի քանակը կ՚ըլլայ սակավաթիւ:

Փառատօնի բացումը տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագիտուհի Նարինէ Գրիգորեանի «Գոմէշը» մենաներկայացումով՝ ըստ Հրանդ Մատթէոսեանի համանուն պատմուածքի:

Մխիթարեան նշած է, որ փառատօնի շրջանակներէն ներս կը ցուցադրուի քսան մենաներկայացումներ, որոնցմէ մէկը՝ մանկական՝ «Տիեզերքը մեր տունն է»՝ Դաւիթ Եղիազարեանի կատարմամբ:

Փառատօնին կը մասնակցին դերասաններ Նարեկ Պաղտասարեան, Լիլիա Մուկուչեան, Նաիրա Եդիգարեան, Դաւիթ Աբրահամեան եւ այլք:

Քորոնաժահրի ստեղծած մթնոլորտին պատճառով՝ այս տարի փառատօնը չի հիւրընկալեր արտերկրէն դերասաններ։

Փառատօնի առցանց տիրոյթը կ՚ըլլայ գերյագեցած. կը ցուցադրուին առցանց հարթակի վրայ ներկայացումներ՝ Ֆրանսայէն, Ռուսաստանէն, Վրաստանէն, Լիթվայէի, Ուքրայնայէն եւ այլ երկիրներէ:

Մասնակիցները առցանց կ՚ողջունեն փառատօներու տնօրէնները՝ Նինա Մազուրը, Եոլանտա Սուտովիչը, Մարիա Տանանան եւ ուրիշներ:

Մխիթարեանի խօսքով՝ համապատասխան թոյլտուութիւն ստանալէ յետոյ ներկայացումները կը ցուցադրուին «Մոսկուայի տուն» մոսկովեան մշակութագործարարական կեդրոնի եւ Զուլում եւ Մուշեղ Գրիգորեաններու արուեստանոցի բացօթեայ տարածքներուն, ինչպէս նաեւ թիւ 15 սրճարանին մէջ:

Իսկ Կարինէ Խոդիկեան կը ներկայացնէ օրերս աւարտած իր «Քովիտ քրոնիկոնը»:

«Արմմոնօ» միջազգային թատերական փառատօնը կը հիւրընկալուի նաեւ Վանաձորի մէջ: Վանաձորի «Հ. Աբելեան» թատրոնի բացօթեայ տարածքին մէջ նախատեսուած է երկու մենաներկայացման ցուցադրութիւն՝ Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Յակոբ Ազիզեանի, Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Մայիս Սարգսեանի մասնակցութեամբ:

Փառատօնի շրջանակներէն ներս կը ցուցադրուին նաեւ զանազան ներկայացումներ:

«Արմմոնօ» 18-րդ միջազգային թատերական փառատօնը տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան աջակցութեամբ:

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2020