ՆՈՒՊԱՐ ԱՖԷԵԱՆԻ MODERNA-Ն ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ ԿՆՔԱԾ Է՝ ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԻ ԴԷՄ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԱՍՏԱՆԻՒԹԸ ԱՄՆ-ԷՆ ԱՐՏԱԾԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Ամերիկահայ գիտնական ու գործարար Նուպար Աֆէեանի Moderna ընկերութիւնը կը շարունակէ աշխատանք տանիլ քորոնաժահրի դէմ պատուաստանիւթ մը արտադրելու ուղղութեամբ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հաւանական այս պատուաստանիւթը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէ դուրս մատակարարելու նպատակով Moderna ընկերութիւնը առաջին համաձայնագիրը կնքած է սպանական Laboratorios Farmacéuticos Rovi SA ընկերութեան հետ։ Այս իրադարձութեան անդրադարձ կատարած է «Ռէօյթըրս» գործակալութիւնը։ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնն ալ տեղ տուած է այս իրադարձութեան։ Moderna-ն ԱՄՆ-է ներս մարդոց վրայ պատուաստ փորձարկած առաջին ընկերութիւնն է։ Կը նախատեսուի, որ այս ամիս ան սկսի փորձարկումներու նորագոյն եւ աւելի ընդարձակ փուլին։ Աւելի կանուխ ընկերութիւնը արտադրութեան համաձայնագիր կնքած էր ԱՄՆ-ի կառավարութեան հետ։ Բաց աստի, տասն տարուայ ժամկէտով համագործակցութեան պայմանագիր մըն ալ ստորագրուած էր Զուիցերիոյ Lonza Group AG ընկերութեան հետ։

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2020