ԴԱՏԱԿԱՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի Սահմանադրական ատեանէն ներս երէկ սկսան դատական քննարկումներ՝ 20 յունիսի արտահերթ ընտրութեան արդիւնքներու լոյսին տակ։ Ընդդիմադիր ուժերը, ըստ էութեան, «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունիմ» դաշինքները Բարձրագոյն դատարանի մօտ որոշած են վիճարկել ընտրութեան արդիւնքը։ Ընդդիմութիւնը կը պահանջէ 20 յունիսի քուէարկութեան արդիւնքի անվաւեր հռչակուիլը։ Այս դատական քննարկումներով, Հայաստանի Սահմանադրական ատեանը կ՚արժեւորէ ընդդիմութեան կողմէ օրակարգի վրայ բերուած արտահերթ ընտրութեան վերաբերեալ վիճարկումները։ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի կողմէ 27 յունիսին հրապարակուած վերջնական արդիւնքներու յայտնի դառնալէն անմիջապէս վերջ ընդդիմութիւնը արդէն հանդէս եկած էր այս դատական նախաձեռնութեամբ։ Դատավարութեան ներգրաւուած է Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը, դատախազութիւնը, ոստիկանութիւնը եւ հեռուստատեսութեան ու ռատիոյի յանձնաժողովը։ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնն ալ, որ ընտրութիւններէն յաղթական դուրս եկած է, սեփական դիմումի հիման վրայ ներգրաւուած է դատավարութեան՝ որպէս երրորդ անձ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Սահմանադրական ատեանի նախկին նախագահ Հրայր Թովմասեանն ալ հանդէս եկած է միջնորդութիւնով մը, որպէսզի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն ալ այս դատավարութեան ներգրաւուի։ Այստեղ հիմնական խնդրայարոյց պարագան կը համարուի այն, որ նախագահ Արմէն Սարգսեան ընտրութիւններու համար վաւերացուցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ յարմար դատուած, նախընտրուած ժամկէտը։

Կը հաղորդուի, որ ընդդիմադիր ուժերու փաստաբանները դատավարութեան ընթացքին պահանջած են նաեւ, որ վկայի կարգավիճակով դատավարութեան հրաւիրուի Հայաստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Արտակ Դաւթեան։ Արդարեւ, կան զանազան պնդումներ, ըստ որոնց, շուրջ 11 հազար զինուորական ընտրութեան օրը մասնակցած է քուէարկութեան եւ մէկէ աւելի կէտերու վրայ եղած է այդ մասնակցութիւնը, մէկէ աւելի անգամով։ Խնդրոյ առարկայ զինուորականներու ցուցակին վերաբերեալ շարք մը հանգամանքներ պէտք է պատշաճ քննութեան առարկայ դարձուին։ Ընդդիմադիր ուժերու փաստաբանները այս հանգամանքի լոյսին տակ կը պահանջեն ընդհանուր սպայակոյտի նախագահի դատավարութեան մասնակցիլը։

Շաբաթ, Յուլիս 10, 2021