ՊՐԻՒՔՍԵԼԷՆ ԽՐԱԽՈՒՍԱՆՔ

Եւրոյանձնաժողովի Ընդլայնման եւ հարեւանութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Օլիվեր Վարհէի երէկ Երեւանի մէջ յայտարարեց, որ Եւրոմիութիւնը 9-10 միլիոն եւրոյի մակարդակով մարդասիրական օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութենէն տուժածներուն։ Ըստ իրեն, Եւրոմիութիւնը պատրաստ է շատ աշխոյժ դեր ստանձնելու՝ մարդասիրական տագնապի յաղթահարման ուղղութեամբ։ «Տխրեցայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ընթացքին զոհերու առկայութեան փաստով։ Այդ համատեսքին մէջ 9-10 միլիոնի մարդասիրական օգնութիւն համախմբած ենք, այդ օգնութիւնը շատ մօտ ապագային պիտի ցուցաբերուի հակամարտութենէն տուժած անձերուն», ըսաւ յանձնակատարը։

Օլիվեր Վարհէի, որ տարածքաշրջանային ուղեւորութիւն մը իրականացուց դէպի Հարաւային Կովկաս, երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ան ընդունուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի կողմէ։ Բաց աստի, օրուայ ընթացքին եւրոպացի յանձնակատարը այցելեց նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր ընդունուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, խօսելով իր այցելութեան հիմնական նպատակի մասին՝ Վարհէի դիտել տուաւ, որ տնտեսական ու ելմտական ներդրումներու մեծ ծրագիր մը պատրաստուած է Եւրոմիութեան կողմէ՝ համաճարակով պայմանաւորուած ճգնաժամի յաղթահարման նպատակով։

Վարհէի երէկ Հայաստանի կառավարութենէն ներս Մհեր Գրիգորեանի հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ընդգծեց, որ Եւրոմիութիւնը պատրաստ է աջակցիլ Ատրպէյճանին  եւ Հայաստանին, որպէսզի անոնք հասնին խաղաղութեան։ Ըստ իրեն, եւրոպական կողմը պատրաստակամ է նպաստել Հայաստանի տնտեսական եւ ընկերային վերականգնման։ Եւրոմիութիւնը կրնայ 2.6 միլիառ եւրօ տրամադրել Հայաստանի առաջնահերթ ծրագրերու իրականացման նպատակով։ Վարհէիի բացատրութիւններով, ԵՄ-ի կողմէ Հայաստանի պարագային առաջնահերթ կը դասուին հինգ ծրագրեր, որոնք կը վերաբերին փոխադրութեան կապակցուածութեան, ուժանիւթի խնայողութեան, վերականգնուող ուժանիւթի, թուային վերափոխումներու, փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններու համար աջակցութեան։

Իր կարգին, փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանն ալ յայտնեց, որ Եւրոմիութիւնը եղած է ու կը մնայ Հայաստանի առանցքային գործընկերներէն մին։

Միւս կողմէ, Նիկոլ Փաշինեանն ալ Օլիվեր Վարհէիի հետ զրուցելու ընթացքին նշեց, որ Եւրոմիութեան կողմէ Հայաստանի աջակցութեան ուղղուած ծրագրերու թղթածրարը շօշափելի է եւ այդ մէկը գնահատանքի արժանի է՝ որպէս Հայաստանէ ներս տեղի ունեցող անշրջելի ժողովրդավարական գործընթացներուն նկատմամբ արձագանգ։

Շաբաթ, Յուլիս 10, 2021