Տ. ՍԵՊՈՒՀ ԱՐՔ. ՉՈՒԼՃԵԱՆ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ

Հայաստանէն Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան, որ շաբաթէ մը ի վեր կ՚այցելէր Իսթանպուլ, այս առաւօտ հրաժեշտ առաւ քաղաքէս։ Նորին սրբազնութեան այցելութեան շարժառիթը եղած էր Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութիւն մը, որուն մասնակցեցաւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Կեցութեան առաջին օրերը Գնալը կղզիի մէջ անցընելէ վերջ, ներկայ շաբթուան սկիզբին ան եկած էր Պոլիս, ուր իջեւանեցաւ Պատրիարքարանի մէջ։ Կը տեղեկանանք, որ այս ընթացքին Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Տ. Սապուհ Արք. Չուլճեանի միջեւ տեղի ունեցած է զրոյց մը։ Բաց աստի, հիւր սրբազանը կեցութեան օրերուն զանազան հանդիպումներ ունեցած է համայնքային շրջանակներէն ներս, նաեւ հիւրընկալուած՝ իր բարեկամներուն կողմէ։ Այս բոլորէն վերջ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան այս առաւօտ Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքով վերադարձաւ Հայաստան։

Ուրբաթ, Օգոստոս 10, 2018