«ԹՈՒՐՔԻԱ ԵԼՄՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆ ՄԸ ՊԻՏԻ ԴԱՌՆԱՅ»

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա պիտի դառնայ իսլամական դրամագլուխի ձգողական դաշտը։ Ան ընդգծեց, որ Իսթանպուլի ելմտական կեդրոնը կարճ ժամանակի ընթացքին իսլամական աշխարհի ելմտական գետնի վրայ տարածքաշրջանային կեդրոնը պիտի դառնայ։

Էրտողանի խօսքով՝ համաշխարհային ներկայ ելմտական համակարգը ակնյայտօրէն չ՚արդարացներ իր դերակատարութիւնը։ Ուստի, ներկայ տնտեսական համակարգի կքիլը անխուսափելի է։ Ապագայ աշխարհի մէջ տոկոսներու հիմքով համակարգը պիտի փոխարինուի համընդգրկուն ելմտական համակարգով մը։ Ուստի, Թուրքիոյ նպատակն է 2025 թուականին համընդգրկուն ելմտականութեան բաժինը բարձրացնել 15 տոկոսի մակարդակին։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2019