ԳԵՂԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑ ԵՐԵՒԱՆԻ ԳԱՖԷՍՃԵԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ

Երեւանի մէջ այս շրջանին կը սկսի «Գեղագրութեան դասընթաց Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնին մէջ» խորագրեալ նախագիծը։ Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնն ու Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութիւնը միասնաբար ձեռնարկած են այս ծրագրին։ Նախագծի սկիզբին զուգահեռ կ՚ընդունուին նաեւ դիմումները։

Այս ծրագիրը նախատեսուած է 16 տարեկանէ աւելի բարձր արուեստի, ձեւաւորման, ճարտարապետութեան ուղղուածութեամբ զանազան ուսումնական հաստատութիւններու ուսանողներուն համար, որոնք պիտի ընտրուին մրցոյթով։ Եռամսեայ դասընթաց-ծրագիրը պիտի վարէ նկարիչ, մանկավարժ Ռուբէն Մալայեան։ Աւարտին, ընտրուած աշխատանքները պիտի ցուցադրուին Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնին մէջ։

Հայկական տառարուեստի ծնունդը կը կապուի հայոց այբուբենի ստեղծման, գրչագրութեան եւ գեղագրութեան զարգացման հետ։ Հարիւրամեակներու ընթացքին հայոց այբուբենի գրչագրական տարբերակները ձեւաւորած են խիստ բազմազան պատկեր, որու ընձեռած հնարաւորութիւնները անսահման են։ Իբրեւ օրինակ՝ կարելի է մատնանշել մերօրեայ նորաոճ գրատեսակները, որոնք կը ստեղծուին հինի եւ նորի շնորհալի համադրումներով՝ ծառայելով նաեւ նորագոյն փորձագիտութիւններու հայականացման ու համակարգչական աշխարհէ ներս հայոց այբուբենի ամրապնդման։ Այս հանգամանքով պայմանաւորուած էր անցեալ տարի ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մարդկութեան ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ «Հայկական տառարուեստը եւ անոր մշակութային դրսեւորումները» նիւթին ընդգրկումը եւ ներկայիս գեղագրութեան նուիրուած ծրագրի իրականացումը։

«Հաշուի առնելով, թէ ինչ կարեւորագոյն դեր կը խաղայ տառարուեստը մեր մշակոյթին մէջ՝ այս դասընթացը բացառիկ հնարաւորութիւն կու տայ ապագայ արուեստագէտներուն՝ ծանօթանալով գեղագրութեան սկզբունքներուն թէ՛ տեսական եւ թէ գործնական կողմերէ։ Սա իմ կողմէ շատ սպասուած ծրագիր մըն է եւ ես լիայոյս եմ, թէ ձեռք բերուելիք փորձառութիւնը բարենպաստ պայմաններ պիտի ստեղծէ գեղագրութեան մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման համար», նշեց այս առթիւ դասընթացավար Ռուբէն Մալայեան։  

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2020