ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ Պաշտպանութեան նախարար Անեկրէթ Քրամփ-Քարէնպաուէրի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, նախարարներու զրոյցի ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկան արեւելեան Միջերկրականի խնդիրները։ Բաց աստի, անոնք կարծիքներ փոխանակեցին երկկողմանի կամ տարածքաշրջանային բնոյթով, պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան խնդիրներու շուրջ։

Հուլուսի Աքար հեռախօսազրոյցի ընթացքին շեշտեց, որ Թուրքիա կողմնակից չէ խնդիրներու չլուծուելուն եւ երկխօսութեան կը ձգտի անոնց կարգաւորման համար։ Միւս երկիրներն ալ խնդրին պէտք է մօտենան աչալրջութեամբ եւ դաշնակցութեան ոգիի համապատասխան ձեւով։ Այս բոլորին առընթեր Հուլուսի Աքար մատնանշեց, որ Թուրքիա արդար ու վճռակամ է, պիտի չհանդուրժէ որեւէ կատարուած իրողութեան ստեղծման եւ պիտի շարունակէ պաշտպանել իր իրաւունքները, որոնք միջազգային իրաւունքէն կը բխին։

Ծանօթ է, որ Թուրքիա այս շրջանին արեւելեան Միջերկրականի պարագային մեծ մարտահրաւէր մը կը դիմագրաւէ։ Այս ամբողջին մէջ իրեն դէմ դիրք բռնած են մանաւանդ Ֆրանսան, Յունաստանը եւ Յունական Կիպրոսը։ Եւրոմիութենէն ներս Գերմանիա աւելի չափաւոր վերաբերմունք մը ունի, իբր այդ բոլոր մակարդակներու վրայ Անգարա սերտ շփման մէջ է Պերլինի ղեկավարութեան հետ։ Հուլուսի Աքարի երէկուան հեռախօսազրոյցին զուգահեռ՝ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ ուղեւորութեան մը ձեռնարկեց դէպի շարք մը ափրիկեան երկիրներ, որոնք անցեալի մէջ Ֆրանսայի գաղթավայրը եղած են։

Այսօր Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս կ՚ունենան հանդիպում մը։

Այս ամբողջ շփումներէն վերջ, այսօր, Պրիւքսելի մէջ, ՆԱԹՕ-ի հրամանատարական կեդրոնէն ներս նախատեսուած են Թուրքիոյ եւ Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւններու իրաւասուներուն միջեւ բանակցութիւններ, որոնց օրակարգին վրայ կը գտնուին արկածներու ռիսքերու նուազեցումը եւ լարուածութեան կանխարգիլումը։ 

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2020