ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ աւարտեց դէպի Վրաստան պաշտօնական այցելութիւնը։ Ուղեւորութեան վերջին օրուայ ծրագիրը նախատեսուած էր Պաթում քաղաքին մէջ։ Նիկոլ Փաշինեան եւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի Պաթումի մէջ անպաշտօն քննարկումներ ծաւալեցին։ Այդ անպաշտօն հանդիպման ընթացքին Ղարիպաշվիլի Փաշինեանին ներկայացուց Պաթումէ ներս զբօսաշրջութեան զարգացման ուղղեալ մշակուած ծրագրերը, ինչպէս նաեւ ենթակառուցուածքներու բարելաւման միտուած միջոցառումները։ Հայկական եւ վրացական կողմերը գոհունակութիւն յայտնեցին այս վերջին բանակցութիւններու ընթացքին շուրջ ու պայմանաւորուեցան աշխոյժ շփումները շարունակել թէ՛ պաշտօնական եւ թէ անպաշտօն ձեւաչափերու մէջ։

Երէկ երեկոյեան Նիկոլ Փաշինեան արդէն վերադարձաւ Երեւան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Հայաստանի եւ Վրաստանի վարչապետները արդիւնաւէտ գնահատած են վերջին օրերու երկկողմանի բանակցութիւնները, որոնք տեղի ունեցան Փաշինեանի պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս։

ՄՈՍԿՈՒԱՅԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին հերթական անգամ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին եւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն։ Ըստ իրեն, Մոսկուա ուշադրութեամբ կը հետեւի թէ՛ Հայաստանէ եւ թէ Ատրպէյճանէ ներս հաշտութեան պայմանագրի կնքման, Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի որոշման խնդրին վերաբերեալ քննարկումներուն։ Ան ըսաւ.

«Դժբախտաբար, կողմերու միջեւ կը շարունակուին քաղաքական հարցերու շուրջ սկզբունքային տարաձայնութիւնները։ Ուստի, այս փուլին առաջնային կը համարենք 9 նոյեմբեր 2020 թուականի եւ 11 յունուար 2021 թուականի եռակողմանի պայմանաւորուածութիւններու բոլոր դրոյթներու աներկբայ կատարումը եւ, ի հարկէ, առաջին հերթին սա կը վերաբերի կրակի դադրեցման դրութեան պահպանման, մարդասիրական հարցերու լուծման, տարածքաշրջանէ ներս տնտեսական, փոխադրութեան կապերու ապաարգելափակման։ Կը յուսանք, թէ տուեալ քայլերը կը նպաստեն պայմաններ ստեղծելու Հայաստան-Ատրպէյճան կապերու եւ վերջնական քաղաքական կարգաւորման համար»։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 10, 2021