ԲԱՐՁՐԱՐԺԷՔ ՀԱՏՈՐ

Երեւանի մէջ «Անտարես» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է պատմաբան ու նախկին դիւանագէտ Ժիրայր Լիպարիտեանի՝ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն վերաբերեալ գիրքը։ «Հայաստան-Թուրքիա. Պետականութիւն, պատմութիւն, քաղաքականութիւն» աշխատութեան առաջին հատորն է այս մէկը, որ կը ներառէ հեղինակի՝ զանազան տարիներուն հրապարակուած յօդուածներն ու հարցազրոյցները, առաջին անգամ հայերէնով ներկայացուած վերլուծութիւններ, մեծ թիւով անտիպ նիւթեր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Անտարես» հրատարակչութիւնը տեղեկացուցած է, որ գիրքը շուտով ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ կը դրուի։ Հատորի վերջաւորութեան զետեղուած են նիւթեր՝ 2020 թուականի Արցախի պատերազմին նախորդած ու անմիջապէս յաջորդած քաղաքական գործընթացներուն վերաբերեալ։ Տպագրութեան մեկենասն է Հայաստանի Արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութեան նախագահ Արսէն Ղազարեան։

«Աշխատութեան մէջ ներկայացուած են շարք մը հարցեր։ Մասնաւորապէս, Թուրքիոյ հետ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները՝ իրենց անցեալով ու ներկայով, որոնք կը կազմեն վերջին յիսուն կամ աւելի տարիներու հայ քաղաքական մտքի առանցքը։ Ինչպէս նաեւ ցեղասպանութիւնը՝ որպէս անկախութեան նկատմամբ քաղաքական մտքի առանցք. Հայաստան կրնա՞յ անկախ ըլլալ, արդեօք Թուրքիան մեզ դարձեա՞լ պիտի ջարդէ, եթէ անկախանանք։ Արդեօք ցեղասպանութիւնը չճանչնալը Հայաստանի ժողովուրդի ու պետութեան համար վտա՞նգ կը ներկայացնէ։ Հայաստան պէ՞տք է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ զարգացնէ, թէ ոչ», նշած է գիրքի հրատարակութեան բերումով Ժիրայր Լիպարիտեան, որու հեղինակած գործին մէջ ներկայացուած է ցեղասպանութեան պատճառներու նոր ուսումնասիրութիւն մը, ուր ի յայտ կը բերուի հայերէն ձերբազատուելու երիտթուրքերու որոշման քաղաքական երեսակը։

Գիրքին մէջ տեղ գտած են յօդուածներ, որոնք ցեղասպանութեան ժխտման պատճառներն ու բնոյթը կը մերկացնեն։ Մասնաւորապէս քննադատական յօդուածներ կան՝ Թուրքիոյ ղեկավարներու մօտեցումներուն շուրջ։

Սոյն հատորը արժէք կը ներկայացնէ նաեւ այն առումով, որ կը մեկնաբանէ Թուրքիա-Հայաստան բարդ յարաբերութիւնները վերջին շուրջ երեք տասնամեակներու կտրուածքով, այսինքն Հայաստանի անկախանալէն ի վեր։ Արդարեւ, անկախութեան առաջին տարիներուն հեղինակը՝ Ժիրայր Լիպարիտեան եղած է Հայաստանի կողմէ Թուրքիոյ հետ գլխաւոր բանակցողը ու կարեւոր ճշգրտումներ կը կատարէ այդ բանակցութիւններուն վերաբերեալ։ Հատորը կը հիմնաւորէ նաեւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման քաղաքականութիւնը։ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու մօտեցումները ներկայացուած են պատմական, քաղաքական ու հոգեբանական դիտանկիւններէ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 10, 2021