ԳԻՆԻՆԵՐՈՎ ՅԱՂԹԱՆԱԿ

«MUNDUS VINI 2021» միջազգային մրցոյթը մեծ յաջողութիւնով եզրափակուեցաւ հայ գինեգործներուն տեսակէտէ։ Այսպէս, Հայաստանի «Արմենիա» գինեգործական ընկերութեան արտադրանքը արժանացաւ ութ բարձրագոյն մետայլի։ Ընդ որում, այդ մետայլներէն վեցն ոսկի է եւ երկուքը արծաթ։

Գերմանիոյ մէջ տասնամեակներ առաջ հիմնուած եւ համաշխարհային համբաւի տէր «Grand International Wine Award» միջազգային մրցանակաբաշխութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ կը համարուի խոշորագոյնն ու ամենաազդեցիկը գինեգործութեան ոլորտէն ներս։ Ամէն տարի այս մրցոյթը կու գայ սահմանել գինիի որակ։ Աշխարհի բազմատասնեակ երկիրներէն հազարաւոր արտադրողներ կը մասնակցին այս մրցոյթին, որու ծիրէն ներս գնահատումը կ՚իրականացնեն ոլորտի շուրջ 170 համաշխարհային մասնագէտներ։

Այս տարի 29-րդ անգամ կազմակերպուած «Grand International Wine Award MUNDUS VINI» հեղինակաւոր մրցոյթը տեւեց չորս օր։ Բարձր որակաւորումով դատակազմը համտեսեց ու գնահատեց ամբողջ աշխարհէն շուրջ 4500 գինի՝ ընտրելու համար լաւագոյնները։ Արդիւնքները Հայաստանի տեսակէտէ եղան տպաւորիչ։ Այսպէս, «Արմենիա» ընկերութիւնը պատուոյ հարթակի ոսկէ մետայլակիրներէն մին էր՝ ընդհանուր առմամբ ութ մետայլ նուաճած ըլլալով։

Այս մրցոյթին արժանացած գինեգործարանները յատուկ պատուի կ՚արժանանան։ «Best of Show» կոչումը կը շնորհուի անոնց։ Այս կոչումը կը տրուի միայն իր կարգին մէջ լաւագոյն գինիին, որն ալ համարուած է «Արմենիա» գինեգործարանի 2019 թուականի բերքահաւաքի «Տակառ» կարմիր չոր գինին։ Մրցանակներու արժանացած են ընկերութեան զանազան ոճի գինիները՝ պատրաստուած թէ՛ զուտ հայկական խաղողներէ եւ թէ հայկական ու եւրոպական տեսակներու համատեղումէ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս աննախադէպ յաջողութիւնը համաշխարհային սպառողի շրջանակներէ ներս նոր կարգավիճակ մը կը սահմանէ հայկական գինիին համար։ Արդարեւ, դատակազմի փորձառու անդամները «կոյր» համտեսի արդիւնքով արդէն իսկ երաշխաւորած են անոր գերազանցութիւնը։ «Արմենիա» ընկերութիւնը 2016 թուականէն ի վեր կը մասնակցի այս մրցոյթին։ Մետայլներու շարունակական նուաճումով ան բարձրացուցած է Հայաստանի գինեգործական վարկանիշը։ Սոյն յաղթարշաւը վկայութիւն մըն է՝ ընկերութեան որդեգրած կայուն դիրքորոշման մասին, որոնք կը նախատեսեն ներկայացնել որակեալ, համաշխարհային չափորոշիչներու համապատասխան ու միջազգային շուկայէ ներս մրցունակ հայկական գինիներ։

«Արմենիա» ընկերութեան աւագ խորհրդական Ժան-Պաթիստ Սուլա, որ Ֆրանսայի Պորտօ քաղաքէն է, այս կապակցութեամբ փոխանցեց իր տպաւորութիւնները։ Ըստ իրեն, մրցակցութիւնը իսկապէս թէժ էր եւ ընկերութիւնը մեծ հպարտութեամբ կը խօսի իր գինիով միջազգային շուկայէ ներս հայկական գինեգործութեան արժանի դէմքը դառնալու մասին։ «Best of Show Armenia» կոչման արժանանալն ալ աւելի կը մեծցնէ մեր ստանձնած պատասխանատուութիւնը», յայտնած է ան։

«Արմենիա» ընկերութեան գինեգործ Գրիգոր Ալեքսանեանն ալ այս առթիւ ըսաւ. «Գինիներու այս յաղթանակը մեծ պատիւ կը բերէ ո՛չ միայն մեր ընկերութեան, այլեւ՝ գինեգործութեան դարերու պատմութեան տէր մեր հայրենիքին, կրկին վերադարձնելով «գինեգործութեան օրրան» վաղեմի հպարտ կոչումը»։

Մրցոյթի արդիւնքով ոսկի կամ արծաթ մետայլ նուաճած «Արմենիա» ընկերութեան գինիներն են հետեւեալները.

Ոսկէ մետայլ՝ Երեւան 782 BC կարմիր չոր 2020,

Ոսկէ մետայլ՝ Երեւան 782 BC սպիտակ չոր 2020,

Ոսկէ մետայլ՝ Տակառ կարմիր չոր 2019,

Ոսկէ մետայլ՝ Տակառ Ռեզերվ 2016,

Ոսկէ մետայլ՝ Թարիրի սպիտակ չոր 2018,

Ոսկէ մետայլ՝ Թարիրի կարմիր չոր 2018,

Արծաթէ մետայլ՝ Արմենիա կարմիր չոր 2020,

Արծաթէ մետայլ՝ Տակառ սպիտակ չոր 2019։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 10, 2021