ԴԷՊԻ ԱՄՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այս ամսուան մէջ պիտի այցելէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Ուղեւորութիւնը նախատեսուած է 19-22 սեպտեմբեր թուականներուն։ Վերջին շրջանին Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ մէկ կողմէ կը կուտակուին խնդիրներ, իսկ միւս կողմէ միջազգային իրադարձութիւններու ընթացքը կը պարտադրէ, որ անոնք համագործակցութիւնը նոր հարթութեան մը վրայ դնեն։ Լրատուամիջոցները կը շեշտեն, որ նախագահի այս մօտալուտ այցելութիւնը չափազանց մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Էրտողանի ուղեւորութեան ծրագրի հիմնական բաժինը Նիւ Եորքի մէջ նախատեսուած է։ Ան ելոյթ մը պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման գագաթաժողովին։ Կարգ մը երկիրներու ղեկավարներուն հետ ծրագրուած են Էրտողանի երկկողմանի հանդիպումները։ Հանրապետութեան նախագահը պիտի մասնակցի նաեւ Մենհեթթընէ ներս կառուցուած Թրքական տան բացման արարողութեան։ Էրտողանի այցելութեան ծրագրի թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու վերաբերեալ երեսակին մասին առայժմ յստակ մարնամասնութիւններ չեն հաղորդուած Անգարայէն։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 10, 2021