ՃՈՐՃ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆԸ ԲԺԻՇԿ, ԲԱՐԵԿԱՄ ԵՒ ԸՆԿԵՐ…

Ճիշդ չեմ յիշեր թուականը, բայց լաւ կը յիշեմ այն պահը, երբ առաջին անգամ լսեցի սուրիահայ բժիշկ Ճորճ Բարսեղեանին մասին։

Ա. Թ.-ն էր պատմողը. «գիտես, Նորարարական բժշկութեան կեդրոնին մէջ կարող բժիշկ մը կայ, հոն գնայ մէյ մը թող նայի»։

Այդպէս ալ ըրի, չնայած անոր, որ իմ հարազատներէս մին բաւական լուրջ հարցադրումներով իրավիճակի մէջ հասած էր այդ հիւանդանոցը ու հանդիպած էր բժիշկին։ Եւ ուշագրաւը այն էր, որ հակառակ ընդհանուր բժիշկ ըլլալու հանգամանքին, Ճորճ Բարսեղեանը բոլորին կողմէ փնտռուած, բոլորին համար պատրաստակամ ու բոլորին համար «դեղ ու դարման» ճարող բժիշկ մըն է։

Այս բոլորը գրելուս պատճառը այն է, որ Ճորճ Բարսեղեան այս օրերուն ստացած է «Համազգային վստահութեան» «Տարուայ ներքնաբոյժ» կոչումը, որ իրեն շնորհուած է յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին Երեւանի մէջ։

Մրցանակները, կոչումները, տիտղոսները մէկ կողմ, մարդուս տեսակը այլ կողմ։ Այն իմաստով՝ որ մարդս կրնայ հարիւր հատ վկայական ունենալ, սակայն հասարակութեան, շրջապատի ու մարդոց հետ շփուելու խնդիր ունենալ։

Այս մտքին հետ աւելի քան բարացուցական է Ճորճին, մեր բոլորին սիրելի տքթ. Ճորճի պարագան։ Ան կրնայ տուեալ պարագայի մը, հիւանդի մը նուրբ խնդիրներուն, հարցերուն ու հարցումներուն ճարն ու ճարակը չունենալ , բայց կրնայ ոգի եւ շունչ տալ անոր...։

Բժիշկները բարդ դրութեան աշխատողներ են, դժուար է անոնց գործը, որ միայն գործ չէ, այլ է առաքելութիւն։ Իբր այդ, անոնց երեսները ծուռ, հայեացքն ալ կասկածոտ ու սրտնեղած կ՚ըլլայ...

Յոգնութիւն, դժուարութիւն, բարդ իրավիճակներ ու նոյնիսկ կորուստներ… Այս բոլորը կան, այս բոլորը մեր հետ են ու այս բոլորը կ՚ազդեն մեզ բուժող բժիշկներու հոգիին ու սրտին վրայ։ Ու անոնք այդ կերպ կը դառնան «դժգոհ կարապներ», ջերմութենէ զրկուած, մարդկայնութիւնը տեղ մը «լաւ բարեկամիս համար կ՚ընեմ միայն»ով փոխարինած մեծ հաշուով դժգոհ մարդիկ։

Այս մէկն էր կարեւորը, որ ըսի, որովհետեւ իմ ու մեր սիրելի տքթ. Ճորճը այդ յատկանիշը վաղուց «ոչնչացուցած» է։ Նախ մարդ է յետոյ բժիշկ, նախ ընկեր է բոլորին, յետոյ բուժող ու գիտակ, նախ եղբայր է ու հարազատ, յետոյ միայն մասնագէտ ու «ցաւակալող»։

Ինչքա՜ն ուրախ ու երախտապարտ եմ, որ իր այս բարձր յատկանիշները, այս գիծերն ու նկարագրային տիպերը այլոց կողմէ ալ նկատուած են ու ան այսօր արժանիօրէն դարձած է ընթացիկ «2021 տարուան բժիշկը»։

Անոր ժպիտը անպակաս ըլլայ մեզմէ ու աւելի քան ապահով եմ, որ նոյն ոգիով պիտի շարունակէ իր սուրբ գործը։

Մեր մարմնէն աւելի, մեր հոգիները բալասանի պէտք ունին, պէտք ունին ժպիտի, բարութեան եւ եղբայրութեան։

Տքթ. Ճորճը ամէն օր, տիւ եւ գիշեր այդ «բարութեան Հայաստան»ը կերտելու կ՚աշխատի, իր ոգիին մէջ արեւմտահայոց հին-նոր վեհութիւնը, նաեւ հիւրընկալ ու քաջ Դամասկոսի երգն ու երազը։

Երախտապարտ եմ իմ լաւ ընկեր, տքթ. Ճորճ, երախտապարտ եմ ընկերութեանդ համար, մեզի հետ ըլլալուդ համար եւ միշտ ալ «ներկայ եմ» ըսելուդ համար։

Շատ ապրիս բարեկամս։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 10, 2021