ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ ԻՄԱՍՏԸ

Գերմանացի իրաւաբան եւ քաղաքագէտ Քարլ Շմիտթ կը փորձէր իր աշխատութիւններուն մէջ ապացուցել, որ խորհրդարանականութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը բացարձակապէս տարբեր բաներ են։ Խորհրդարանականութիւնը ազատական հայեցակարգի տարր մըն է։ Ան կ՚ենթադրէ, որ կրթուած, զարգացած եւ բարեկեցութեան որոշ մակարդակով մարդիկ հաւաքուին եւ ազատ ու առարկայական բանավէճի մէջ քննարկեն, որոշումներ ընդունին պետութեան համար կարեւոր այս կամ այն խնդրին շուրջ։ Ժողովրդավարութիւնը ժողովուրդի իշխանութիւնն է։ Ըստ Շմիտթի, ժողովուրդը կրնայ իր մեծամասնութեան կամքով որոշում կայացնել կառավարման եւ քաղաքական վարչաձեւի որեւէ ձեւին վերաբերեալ, ներառեալ՝ կրնայ վերացնել խորհրդարանականութիւնը եւ օրինական որոշում ընդունիլ՝ միապետութիւն հաստատելու վերաբերեալ։ Ինչ խօսք, բաւական վիճելի պնդում մըն է, որ ճանապարհ կը բանայ իշխանութեան որեւէ կամայականութեան համար։ Բայց պէտք է հաշուի առնել, որ Շմիտթ այս աշխատութիւնները կը գրէր Գերմանիոյ, այսպէս կոչուած, «Վայմարեան Հանրապետութեան» տարիներուն (1918-1933), երբ կային թէ՛ խորհրդարանականութեան եւ թէ ժողովրդավարութեան դրսեւորումներ, որոնք, սակայն, գերմանացիներուն առանձնապէս երջանկութիւն չէին պարգեւեր։

Ի դէպ, կիսանախագահական համակարգը, որուն Հայաստանի մէջ վերադառնալու կոչ կ՚ուղղեն ոմանք, առնուած է հիմնականին մէջ այդ իսկ հանրապետութեան փորձառութենէն։ Պետական իրաւունքի մասնագէտներէն շատերու կարծիքով, այդ մէկը լաւագոյն փորձը չէ։ Այդ համակարգին մէջ, եթէ նախագահը խորհրդարանէ ներս մեծամասնութիւն չունի, քաոս կը ստեղծուի, իսկ եթէ ունի այդ մեծամասնութիւնը, ապա նախագահը կը ստանայ այնպիսի լիազօրութիւններ, որոնք որեւէ թագաւորի նախանձը կրնան գրգռել։

Թէեւ Հայաստանի մէջ կայ խորհրդարան եւ նոյնիսկ այդ խորհրդարանը վերջին երկու անգամներուն ընտրուած է քիչ թէ շատ ազատ ընտրութիւններու արդիւնքով, սակայն, տակաւին ամենեւին չի նշանակեր, որ մենք կ՚ապրինք ժողովրդավարութեան պայմաններու ներքեւ։ Յատկապէս զաւեշտալի է, երբ պատգամաւորները կը պնդեն՝ իբր թէ մենք կ՚ապրինք ժողովրդավարութեան պայմաններու մէջ այն պարագային, երբ այդ պատգամաւորներու երեք գործընկերները անազատութեան մէջ կը գտնուին։

Միւս կողմէ յիշեցնենք, որ նոյն Գերմանիոյ մէջ, 1933-1939 թուականներուն ժողովրդավարական ճանապարհով ընտրուած խորհրդարանը ընդունեց շարք մը օրէնքներ, որոնցմով կ՚արգիլուէր հրեաներու պետական պաշտօններ զբաղեցնելը, ինչպէս նաեւ շարք մը բնագաւառներու մէջ աշխատիլը (օրինակ՝ ըլլալ ուսուցիչ կամ թերթի խմբագիր)։ Արդեօք սա ժողովրդավարութեա՞ն դրսեւորում էր։ Ըստ Քարլ Շմիտթի՝ այո, որովհետեւ ընտրողները Ռայխսթակին նման լիազօրութիւն տուած էին։ Ըստ իս՝ ոչ, որովհետեւ ժողովրդավարութիւնը, իմ կարծիքով, կ՚ենթադրէ նաեւ որոշ բարոյական չափանիշներ, որոնք չեն կրնար յարաբերական ըլլալ՝ կախուած մեծամասնութեան տրամադրութիւններէն։

Այդ բարդ խնդիրները միայն առաջին հայեացքով կը վերացականացուին։ Առանց Ազգային ժողովի համաձայնութեան՝ հետապնդելով ընտրուած պատգամաւորները, Հայաստանի իշխանութիւնը կը խախտէ գրուած օրէնքները։ Իսկ եթէ օրէնքին մէջ (ընդ որում՝ օրինական խորհրդարանին կողմէ ընդունուած օրէնքին մէջ) գրուած ըլլայ, որ Փաշինեանի բոլոր ընդդիմախօսները կրնան հետապնդուիլ, սա ժողովրդավարութի՞ւն կ՚ըլլայ։

*

Որեւէ պետութիւն պէտք է ունենայ ինչ-որ տեսլական կամ գոյութեան իմաստ (raison d՚être), որու վերաբերեալ քաղաքացիներու մեծամասնութեան մօտ ընդհանուր համաձայնութիւն մը պէտք է ըլլայ։ Այդ իմաստի կորուստը՝ պետութեան գոյատեւման տեսանկիւնէն, լուրջ վտանգ է։ Օրինակներու համար հեռու չերթալու նպատակով յիշենք մեր ոչ վաղ անցեալը։ Խորհրդային մարդոց մեծամասնութիւնը որոշ ժամանակ կը կարծէր, թէ կը կառուցէ պայծառ համայնավարական ապագայ եւ կատարեալ երջանկութիւնը կը խանգարեն չար էմփերիալիստները (տեսլականի հետ միասին շատ ցանկալի է, որ ըլլայ թշնամիի կերպարը)։ Բայց 1970-ական թուականներուն (գուցէ քիչ մըն ալ աւելի վաղ) այլեւս ոչ ոք կը հաւատար այդ տեսլականին եւ պետութիւնը, որու գոյութեան իմաստը հիմնուած էր նաեւ այդ հաւատին վրայ, սկսաւ կամաց-կամաց այլասերուիլ եւ ապագայ քսան տարիներու ընթացքին այս ու բազմաթիւ այլ պատճառներով վերջնականապէս փլուզուեցաւ։ Երրորդ Ռայխի գոյութեան իմաստը Առաջին Համաշխարհային պատերազմին մէջ կրած պարտութեան համար ռէօվանշն էր։ Նմանապէս՝ 1994-2020 թուականներու Ատրպէյճանի ինքնութեան հիմքը «իրենց» հողերու ետնուաճումն էր եւ անոր ուղեկցած՝ հայերու նկատմամբ վայրագ ատելութիւնը։ Հայաստանի Երրորդ Հանրապետութիւնը ծնած է ու մինչեւ 2020 թուականը գոյատեւած է այն հիմքով, որ կը կարողանայ ապահովել Արցախի գոյութիւնը՝ որպէս հայկական տարածք։ Բայց անցեալ տարուայ նոյեմբերի 9-էն յետոյ պետութեան գոյութեան այդ իմաստը գրեթէ կորսուած է ու փոխարինուած է նոր իմաստով։ Տեսլականը ձեւակերպուած է իշխանութեան կողմէ տակաւին 2018 թուականի մայիսին։ Պետութեան գոյութեան այսօրուայ իմաստը նախկինները պատժելն է։ Այդ քարոզչութիւնը կը վարուի հետեւողականօրէն ու մեծ յաջողութեամբ՝ ընդգրկելով ամբոխավարութիւնը՝ այսինքն իբր թէ դիւրին իրագործելի նպատակները եւ թշնամիի կերպարի ձեւաւորումը։ Ըստ այդմ՝ եթէ Ռոպերթ Քոչարեանն ու Սերժ Սարգսեանը ձերբակալուին եւ ցանկալի է՝ գնդակահարուին, իսկ անոնց հարստութիւնը յեղափոխական Ռոպին Հուտերը հաւասարապէս բաժնեն ժողովուրդին, ապա Հայաստան կը դառնայ երջանիկ եւ բարգաւաճ երկիր մը։ Այդպէս է Փաշինեանի ընտրազանգուածի, այսինքն՝ աշխոյժ քաղաքացիներու մեծամասնութեան տեսլականը։ Ինչպէս եւ նախորդ օրինակներու պարագային, այս մէկուն շուրջ կայ հասարակական լայն քոնսենսիւս։ Բայց այստեղ հարց կը յառաջանայ։ Ինչո՞ւ այդ մարդիկ եւ շարք մը այլ՝ յիշեալ ընտրազանգուածի համար ատելի կերպարներ առ այսօր, երեքուկէս տարուայ ընթացքին չեն դատապարտուած փտածութեան համար։ Գուցէ անոնք իրականութեան մէջ անմե՞ղ են։ Կը կարծեմ՝ ոչ։ Նախկին վարչախումբին ծառայող դատաւորնե՞րը կը խանգարեն։ Դարձեալ՝ ոչ։ Պատճառը, վստահ եմ, այլ է։ Եթէ անոնք գնդակահարուին, եթէ յագեցուի այդ զանգուածի վրէժի ծարաւը, ապա պարզ չէ, թէ այդ բանէն յետոյ ինչո՞վ պիտի զբաղեցնեն մարդիկը։ Կը վերանայ այն ինչ, որ շատերու կարծիքով այսօր պետութեան գոյութեան իմաստն է։ Ահա եւ կը ստացուի, որ «թալանի» մասին խօսիլը աւելի ձեռնտու է՝ քան ենթադրեալ «թալանճիները» իսկապէս պատժելը։ Կը կարծեմ՝ անվերջ խօսիլը նոյնպէս չի ստացուիր։

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Համադրութիւն՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի 7 եւ 8 սեպտեմբեր 2021 թուակիր համարներու խմբագրականներուն

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 10, 2021