«ԱՐՑԱԽԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԱՂԷՏԻ ԵԶՐԻՆ»

Արցախի պատերազմին զուգահեռ մինչ երէկ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցան բանակցութիւններ, Երեւանի մէջ ալ տեղի ունեցաւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան Միջկառավարական խորհուրդի հերթական նիստը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ժողովի ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը եւ ըսաւ. «Արցախի ժողովուրդը մարդասիրական աղէտի եզրին է։ Մենք այս գործողութիւնները կը գնահատենք՝ որպէս ատրպէյճանա-թրքական բռնութիւն հայ ժողովուրդի դէմ»։ Իր կարգին, Միխայիլ Միշուսթինն ալ ելոյթին մէջ անդրադարձաւ Արցախի հիմնախնդրին։ Ռուս վարչապետը նշեց, որ կարեւոր է հակամարտութեան գօտիէն ներս ռազմական գործողութիւններու անյապաղ կանգնիլը եւ հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման անցնիլը։

Փաշինեան եւ Միշուսթին երէկ Երեւանի մէջ ունեցան նաեւ առանձնազրոյց մը, որու ընթացքին քննարկեցին Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը։ Ընդգծուեցաւ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման կարեւորութիւնը։ Բաց աստի, Նիկոլ Փաշինեան շարունակեց յայտարարութիւններ տալ միջազգային լրատուամիջոցներուն։ Իտալական «La Republica» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ ան հերթական անգամ խօսեցաւ Ատրպէյճանի զօրքերու շարքին ընդգրկուած օտար վարձկաններու հարցին շուրջ։ «Պէտք է գիտակցիլ ռազմական գօտիէ ներս ճիհատիստներու գտնուելուն ներկայացուցած վտանգը», ըսաւ Փաշինեան։ Ան բաւական լուրջ մեղադրանքներ հասցէագրեց Թուրքիոյ եւ դիտել տուաւ, որ Հայաստան վերջին արգելքն է անոր ծաւալապաշտ նկրտումներուն առջեւ։ Բաց աստի, Փաշինեանի խօսքով՝ նոր ցեղասպանութեան մը սպառնալիքը կանխելու տարբերակը միջազգային հանրութեան կողմէ Արցախի անկախութեան ճանաչումն է։

Երեւանի ղեկավարութենէն յառաջատար բոլոր դէմքերը այս շրջանին կը շարունակեն քննադատութիւններ հնչեցնել Անգարայի հասցէին։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն ալ երէկ «Bloomberg»ին տուած հարցազրոյցին մէջ հերթական անգամ յիշեցուց, որ վերջին ռազմական գործողութիւններուն առանցքային ձեւով ներգրաւուած էր Թուրքիան՝ ի աջակցութիւն Ատրպէյճանի։

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ալ երէկ շարունակեց իր յայտարարութիւնները։ CNN-ին տուած հարցազրոյցին մէջ ան ընդունեց, որ իր երկրին մէջ կը գտնուին թրքական F-16 ռազմաօդանաւեր։ Ան յայտնեց, որ այդ ռազմաօդանաւերը համատեղ ռազմափորձերու համար Ատրպէյճան մեկնած են եւ ռազմական գործողութիւններուն չեն մասնակցիր։ Ծանօթ է, որ հայկական կողմի հաղորդումները հիմնովին տարբեր տուեալներ կը ցոլացնեն այս կապակցութեամբ։ Բաց աստի, Ալիեւ խօսեցաւ Մոսկուայի երէկուան բանակցութիւններուն շուրջ։ «Ռէօյթըրզ»ի հաղորդումներով, ան յայտարարեց, որ Պաքու պատրաստ է խաղաղ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ վերադառնալու։ Ալիեւ աւելցուց, որ ինք զիջումներ պիտի չընէ Հայաստանին եւ որեւէ այլ երկիր Պաքուի այս դիրքորոշման վրայ ազդեցութիւն չի կրնար գործել։ Ալիեւ նաեւ Մոսկուայի երէկուան բանակցութիւնները որակեց «Հայաստանի վերջին բախտը»։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Ազգային ժողովը երէկ հաւանութիւն տուաւ նախագծի մը, որու հիման վրայ երկրէն ներս հռչակուած ռազմական դրութեամբ պայմանաւորուած սահմանափակումները աւելի պիտի խստանան։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 10, 2020