ԱՆԳԱՐԱ ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԷ ԴԻՐՔԸ

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս հրադադար հաստատելու ուղղեալ՝ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի ջանքերը դատապարտուած են, եթէ համաձայնութիւնները չեն երաշխաւորեր հայկական զօրքերու ետ քաշուիլը։ Այսպէսով, Թուրքիա հերթական անգամ յայտարարեց հայկական զօրքերու դուրսբերման անհրաժեշտութեան մասին։ Իպրահիմ Քալըն «Էլ Ճեզիրէ» հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսաւ. «Անգարա դիւանագիտական լուծում կ՚ուզէ, բայց եթէ Մինսքեան խմբակի միջնորդները կ՚աշխատին միայն հրադադարի ուղղութեամբ, ապա անոնք պիտի կրկնեն միայն այն, ինչ տեղի ունեցած է վերջին երեսուն տարիներուն»։

Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր հազարապետ Փնար Քարան ալ երէկ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Ըստ իրեն, Հայաստան բացայայտօրէն կ՚ոտնահարէ միջազգային իրաւունքը եւ ուղղակիօրէն քաղաքային բնակչութիւնը թիրախաւորելով՝ պատերազմական յանցագործութիւն կը կատարէ։ «Դարձեալ կը յայտնենք, որ խստիւ կը պախարակենք Հայաստանը։ Անգամ մը եւս կը շեշտենք, թէ ինչպէս անցեալին, այսուհետեւ եւս դիրք կը գրաւենք Ատրպէյճանի մեր թուրք եղբայրներու կողքին, որոնք պայքար կը մղեն սեփական տարածքները վերադարձնելու համար եւ ժողովուրդն ու տարածքային ամբողջականութիւնը պահպանելու նպատակով կ՚օգտուին ինքնապաշտպանութեան իրաւունքէն», ըսաւ Քարա։  

Միւս կողմէ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գանատայի Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսուա-Ֆիլիփ Շամփայնի հետ՝ անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Նախարարը ներկայացուց հիմնախնդրին վերաբերեալ թրքական կողմի տեսակէտները։ Ան համոզուած է, որ Գանատա բռնագրաւիչ Հայաստանի ղեկավարութեան կոչ պէտք է ուղղէ՝ Ատրպէյճանի տարածքներէն ետ քաշուելու ուղղութեամբ։

Հարկ է նշել, որ միջազգային բեմահարթակի վրայ այս շրջանին շարք մը երկիրներ բուռն ձեւով Թուրքիան կը քննադատեն՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ որդեգրած դիրքորոշման բերումով։ Այդ երկիրներու յառաջատարներու շարքին է Գանատա, ուր պաշտօնապէս օրակարգի վրայ եկած է ռազմաարդիւնաբերական արտադրութեան դէպի Թուրքիա արտածումը կասեցնելու խնդիրը՝ Արցախի իրադարձութիւններուն հետեւանքով։ Նախարարներու երէկուան հեռախօսազրոյցն ալ կը բիւրեղանայ այս համայնապատկերին վրայ։

Այս առաւօտ Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, ըստ որու հաստատուած հրադադարը չի կրնար փոխարինել մշտական լուծումը։

Մինչ այդ, Չավուշօղլու այս առաւօտ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ, որ մանրամասնութիւններ ներկայացուց Մոսկուայի հանդիպման շուրջ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 10, 2020