ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՀՐԱԴԱԴԱՐ

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ, Ռուսաստանի միջնորդութեամբ ու աշխոյժ ջանքերով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն համաձայնութիւն գոյացաւ մարդասիրական հրադադարի հաստատման համար։ Այդ հրադադարը կը սկսի գործադրուիլ այսօր կէսօրուան դրութեամբ։

Երէկ, Մոսկուայի մէջ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան Ընդունելութիւններու տան երդիքին տակ տեղի ունեցան բանակցութիւններ, որոնք տեւեցին աւելի քան տասն ժամ։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի տանտիրութեամբ ու միջնորդութեամբ հանդիպում մը ունեցան Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով։ Անվտանգութեան խիստ միջոցներ ձեռք առնուած էին այդ վայրին մէջ եւ շուրջ։ Ղարաբաղի մէջ բռնկած նոր պատերազմի սկիզբէն ի վեր առաջին անգամ տեղի ունեցան բանակցութիւններ, որոնց ընթացքին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչները դէմ դիմաց եկան։ Զանազան աղբիւրներու հաղորդումներով, երկարաշունչ բանակցութիւնները ատեն-ատեն ընդհատուեցան։ Մասնաւորապէս՝ բանակցութիւններու սկիզբէն ժամ մը անց Ճէյհուն Պայրամով հեռացաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան Ընդունելութիւններու տունէն։ Պայրամովի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը անցաւ Ատրպէյճանի Մոսկուայի դեսպանատունը եւ աւելի վերջ վերադարձաւ։ Ռուսական աղբիւրները հաւանական նկատեցին՝ բանակցութիւններու ընթացքին այնպիսի հարցի մը յառաջացած ըլլալը, որ յաւելեալ խորհրդակցութիւններ անհրաժեշտ դարձած են եւ այդ բոլորը կարելի էր ընել միայն դեսպանատունէն։

Հուսկ, Մոսկուայի ժամով 03.00-ին Սերկէյ Լաւրով զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն առջեւ հանդէս եկաւ բանակցութիւններու արդիւնքին վերաբերեալ յայտարարութեամբ։

Զօհրապ Մնացականեանն ալ Մոսկուայի բանակցութիւններէն վերջ յայտարարեց, որ անհրաժեշտ է կրակը դադրեցնել, յետոյ խօսիլ հաշտութեան գործընթացի մասին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան «Լուրեր» ծրագրին տուած մեկնաբանութեան մէջ նշեց, որ գործընթացը բաւական բարդ էր։ Ըստ Մնացականեանի, տարածքաշրջանէն ներս իրավիճակը կը մնայ բաւական փխրուն եւ անհրաժեշտ է հասնիլ կրակի դադրեցման։ Իր յայտարարութիւններուն մէջ Մնացականեան ըսաւ հետեւեալը.

«Մեզի համար, ի հարկէ, առաջնային խնդիր էր, որպէսզի մենք հասնինք իրավիճակի մը, երբ կը կարողանանք վերջ դնել այս բռնութեան։ Այս անգամ բռնութիւնը առանձնայատուկ էր, որովհետեւ Ատրպէյճանի գործողութիւնները համալրուած էին Թուրքիոյ կողմէ բաւական բաց եւ ուժգին աջակցութեամբ եւ միջազգային ահաբեկչական խմբաւորումներու ներգրաւմամբ։ Փաստօրէն, մեր հայրենակիցները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կը կռուէին բաւական իւրայատուկ պայմաններու մէջ, երբ բացի Ատրպէյճանէն կար նման ուժգին յարձակում՝ նման ուժերու ներգրաւումով։

«Տարածքաշրջանի եւ առաջին հերթին Լեռնային Ղարաբաղի համար սա դարձած էր բաւական լուրջ մարտահրաւէր եւ որեւէ յառաջընթացի մասին խօսիլը առանց աւարտ դնելու, վերջակէտ դնելու այս իրավիճակին, ի հարկէ, անհնար կ՚ըլլար։ Այն ինչ, որ բաւական երկար բանակցութիւններու ընթացքին մենք կարողացանք արձանագրել՝ այն է, որ մեզի անհրաժեշտ է դադրեցնել կրակը, դադրեցնել այս վայրագութիւնը, այս պատերազմը, ամրագրել, ամրապնդել այս դադարը եւ յետոյ նոր խօսիլ հաշտութեան գործընթացի մասին, նաեւ վերահաստատել, թէ Մինսքեան խմբակի համանախագահութիւնը կը մնայ այն միակ ձեւաչափը, որ միջազգայնօրէն ճանչցուած հարթակն է բանակցութիւններու եւ հաշտութեան գործընթացի համար։ Առաջին խնդիրը այս ճգնաժամը աւարտին հասցնելն է»։

Բաց աստի, Զօհրապ Մնացականեան Մոսկուայի մէջ յայտնեց, որ որեւէ այլ ուժ՝ մասնաւորապէս Թուրքիա այս առումով որեւէ դերակատարութիւն չի կրնար ունենալ։

Ռուսական կողմը Արցախի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ երէկուան այս կէտին հասնելու համար գործադրեց մեծ ջանքեր։ Մոսկուայի ղեկավարութիւնը խտացեալ աշխատանք տարաւ բանակցութիւնները կազմակերպելու համար։ Երէկ ալ, նախագահ Վլատիմիր Փութինի գլխաւորութեամբ՝ Ռուսաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը արժեւորեց Հարաւային Կովկասի առկայ իրավիճակը։ Նիստի սկիզբին քննարկումներ ծաւալուեցան Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով տեղեկացուց, որ Փութին ժողովականներուն մանրամասնութիւններ հաղորդած է նախօրէին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցներու բովանդակութեան շուրջ։

Երէկ թէեւ պատերազմական գործողութիւններու իրավիճակին մէջ ուշադրութիւնները թեքուած էին Մոսկուայի բանակցութիւններուն վրայ, սակայն ռազմաճակատի թէժ իրադարձութիւնները որեւէ ձեւով փոփոխութիւն չունեցան։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան երէկ երեկոյեան սարքած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ յայտնեց, որ օրուան տեւողութեան Մոսկուայի բանակցութիւններուն զուգահեռ՝ ճակատի վրայ մարտերը շարունակուած են նոյն սաստկութեամբ։ Հայկական միասնական տեղեկատուութեան կեդրոնին մէջ սարքած հերթական մամլոյ ասուլիսին ժամանակ Արծրուն Յովհաննիսեան ընդգծեց, որ սովորաբար բախումները գիշերն ալ կը շարունակուին, սակայն ցերեկները աւելի կը թէժանան։ Բաց աստի, Արծրուն Յովհաննիսեան երէկ գիշեր ըսաւ. «Կան կասկածներ, թէ Ատրպէյճանի մէջ ռազմավարական կառավարման համակարգը խաթարուած է»։ Վերլուծելով Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւնները՝ ան ըսաւ. «Առնուազն քանի մը անգամ պատերազմի ընթացքին տեսանք, թէ Ալիեւ կ՚ընէ այնպիսի բաներ, որոնք ընդհանրապէս չեն համապատասխաներ իրականութեան։ Ատրպէյճանի մէջ ռազմաքաղաքական կառավարման համակարգի խաթարման պատճառը կա՛մ միտումնաւոր է եւ կամ հանգամանքները այդպէս կը բերեն։ Պատմութեան մէջ շատ տեսած ենք դէպքեր, երբ անյաջողութիւնները վերադասին չեն զեկուցուիր, վերեւ կը բարձրանան միայն յաջողութիւնները, հետեւաբար կը խաթարուի կառավարման համակարգը»։ Արծրուն Յովհաննիսեան շատ հաւանական նկատեց Իլհամ Ալիեւի այդպիսի ծուղակի մը մէջ յայտնուած ըլլալը։ «Ես այս բանը կ՚ըսեմ՝ վերլուծելով վերջին իրադարձութիւնները», նշեց ան։

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի բանբեր Վահրամ Պօղոսեանն ալ երէկ օրուան մէջ տեղեկացուց, որ պատերազմը առաջնագծի բոլոր ուղղութիւններով կը շարունակուի խտացեալ ձեւով, ծանր մարտեր կը մղուին եւ Պաշտպանութեան բանակը կը կատարէ իր առջեւ դրուած խնդիրները։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ստեփանակերտը երէկ օրուան տեւողութեան դարձեալ ռմբակոծուեցաւ, իսկ այս առաւօտ միջոց մը դադրած հրթիռակոծումները վերսկսան։ Մոսկուայի մէջ կատարուած հրադադարի յայտարարութենէն վերջ, Արցախի շփման գծի եւ Հայաստանի հետ սահմանի ուղղութեամբ Ատրպէյճանի զօրքերը թափ տուին անօդաչու թռչող սարքերու օգտագործման։ Այս առումով յատկապէս խտութիւն նկատուեցաւ հարաւին՝ մինչ Ատրպէյճան Հայաստանի Սիւնիքի մարզի ուղղութեամբ օգտագործեց հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր։ Հայկական կողմը այս առաւօտ ալ հրապարակեց նոր նահատակներու անուանացանկ մը։ Ըստ վերջին լուրերուն, Արցախի ճակատին մարտական գործողութիւնները բոլոր ուղղութիւններով կը շարունակուին տարբեր խտութեամբ։ Ատրպէյճանի անօդաչու թռչող սարքի հարուածին հետեւանքով Կապանի մէջ զոհուեցաւ Հայաստանի քաղաքացի մը։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Շուշան Ստեփանեան տեղեկացուց, որ Ատրպէյճան նենգաբար կը փորձէ մարդասիրական հրադադարի ընդառաջ իրավիճակը փոխել հակամարտութեան գօտիէն ներս։ Հայաստանէն քաղաքական մեկնաբաններ ալ կը շեշտեն, որ այս հրադադարը շատ փխրուն է։ Այժմ կը սպասուի՝ տեսնելու համար, թէ հրադադարի ճշդուած ժամկէտէն վերջ ի՞նչ հունով պիտի զարգանան իրադարձութիւնները։

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներէն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ուշադրութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն։ Ուաշինկթընէն իրերայաջորդ արտայայտուած տեսակէտներու մթնոլորտին մէջ, երէկ Արցախի հիմնախնդրին շուրջ խօսեցաւ նաեւ ԱՄՆ-ի Ուժանիւթի նախարար Տեն Պրայտ։ «Եթէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կարճ ժամկէտով չկարգաւորուի, ապա ժամանակի ընթացքին ան լուրջ վնաս պիտի հասցնէ տարածքաշրջանին», ըսաւ ան՝ նկատելով, որ աշխոյժ աշխատանքներ կը տարուին դէպի Եւրոպա կազի արտածման այլընտրանքային ուղիներ ստեղծելու համար։ «Եւրոպայի մէջ կազի սպառման պահանջարկը անընդհատ կ՚աճի», յիշեցուց ամերիկացի նախարարը եւ շարունակեց, որ Ուաշինկթըն իր գործընկերներուն հետ կ՚աշխատի, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան պատճառով չտուժէ Ատրպէյճանի կազի արտահանումը դէպի Եւրոպա։

Իր կարգին, Մոսկուայի հրադադարի համաձայնութիւնը մեկնաբանեց նաեւ ամերիկացի դիւանագէտ Քերի Քեւինօ, որ Մինսքեան խմբակի նախկին համանախագահներէն մին է։ Ըստ իրեն, Մոսկուայի համաձայնութիւնները պիտի դառնան դէպի տեւական հրադադար առաջին քայլը։ Ան «շատ ոգեւորող» որակեց հրադադարի համաձայնութիւնը։ «Ապագայ համաձայնագիրը չ՚ըլլար հակամարտութեան լուծումը, այլեւ կ՚ըլլայ կրակի երկարատեւ դադրեցում», ըսաւ ամերիկացի դիւանագէտը եւ յոյս յայտնեց, թէ յաջորդ շաբաթ Մոսկուայի մէջ աւելի աշխոյժ բանակցութիւններ կը սկսին։ Անդրադառնալով հակամարտութեան լուծման՝ ան ըսաւ. «Սա չ՚ըլլար մօտ ժամանակի մէջ։ Շատ դժուար է փոխադարձ զիջումներով լուծում ստեղծել նման խտացեալ ռազմական գործողութիւններէ վերջ»։

ՓԱՐԻԶ ՄԻՇՏ ՈՒՇԱԴԻՐ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահ երկիրներէն Ֆրանսան ալ երէկուան իրադարձութիւններուն անմիջական ուշադրութեամբ հետեւեցաւ։ Փարիզի կողմէ վերջին օրերուն դրսեւորուած ուշադրութեան ի շարունակութիւն՝ Մոսկուայի մէջ երէկ նախարարներու մակարդակով տեղի ունեցած բանակցութիւններէն առաջ, Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Այս խօսակցութիւններուն ընթացքին արժեւորուեցաւ հակամարտութեան գօտիի կացութիւնը։ Նախօրէին Փաշինեան յայտնած էր, որ այս փուլին Ֆրանսա պէտք է ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը։

ՄԱԿ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ

ՄԱԿ յոյս յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը առիթ կը դառնայ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի բանբերը՝ Սթեֆան Տիւժարիք ըսաւ. «Մենք կ՚ողջունենք այդ ջանքերը ու կը յուսանք, որ սա առաջին հերթին առիթ կը դառնայ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման»։

Միւս կողմէ, Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները կը պատրաստուին այս երկուշաբթի Պրիւքսելի մէջ քննարկում մը իրականացնել Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ։ Ըստ Պրիւքսելի շրջանակներէն կատարուած յայտարարութիւններուն, նախարարներու Մոսկուայի երէկուան հանդիպման արդիւնքներու լոյսին տակ ԵՄ պիտի արժեւորէ իրադրութիւնը ու պիտի քննարկէ, որ ինչպէս կրնայ նպաստել խնդրի կարգաւորման։

*

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի տանտիրութեամբ ու միջնորդութեամբ, երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի մասնակցութեամբ։ Երեւանի դիւանագիտական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ արդիւնքին հրապարակուած է պաշտօնական յայտարարութիւն՝ ըստ հետեւեալի։

*

Ի պատասխան Ռուսաստանի Դաշնակցութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի պատգամին եւ համապատասխան Ռուսաստանի Դաշնակցութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի պայմանաւորուածութիւններու՝ կողմերը համաձայնեցան ստորեւ ներկայացուած քայլերուն շուրջ.

1- 2020 թուականի հոկտեմբերի 10-ի ժամը 12.00-էն սկսեալ մարդասիրական նպատակներով կը յայտարարուի կրակի դադրեցման մասին՝ ռազմագերիներու եւ պահուող այլ անձերու, զոհուածներու մարմիններու փոխանակման համար՝ Կարմիր խաչի Միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ այս վերջնոյն չափանիշներուն համաձայն։

2- Կրակի դադրեցման յստակ չափորոշիչները կը համաձայնեցուին յաւելեալ։

3- Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ, կարգաւորման հիմնարար սկզբունքներու հիման վրայ ձեռնամուխ պիտի ըլլան առարկայական բանակցութիւններու՝ խաղաղ կարգաւորման շուտափոյթ հասնելու նպատակով։

4- Կողմերը կը վերահաստատեն բանակցային գործընթացի ձեւաչափի անփոփոխութիւնը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 10, 2020