ԾԱՒԱԼՈՒՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րով ե­րէկ աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Ե­րե­ւան, ուր Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան, ո­րու հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս այ­ցե­լու­թիւ­նը, իր ռուս պաշ­տօ­նակ­ցին հետ վա­րեց ծա­ւա­լուն բա­նակ­ցու­թիւն­ներ։ Եր­կու նա­խա­րար­նե­րը հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մըն ալ սար­քե­ցին Ե­րե­ւա­նի մէջ, Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թե­նէն ներս։ Հիւր նա­խա­րա­րը ըն­դու­նուե­ցաւ նաեւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ող­ջու­նե­լով հիւ­րը՝ Սերժ Սարգ­սեան գո­հու­նա­կու­թեամբ նշեց, որ Հա­յաս­տա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի մի­ջեւ աշ­խոյժ ձե­ւով կը զար­գա­նան դաշ­նակ­ցա­յին բնոյ­թով յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։ Ըստ ի­րեն, ան­կաս­կած, զա­նա­զան մա­կար­դակ­նե­րու պար­բե­րա­կան փո­խա­դարձ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը կը նպաս­տեն այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն։ Այս ծի­րէն ներս Սերժ Սարգ­սեան անդ­րա­դար­ձաւ ներ­կայ տա­րուան ըն­թաց­քին Ե­րե­ւա­նի եւ Մոս­կուա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած նա­խա­գահ­նե­րու մա­կար­դա­կով հան­դի­պում­նե­րուն։ Սարգ­սեան եւ Լաւ­րով հա­մա­կար­ծիք գտնուե­ցան, որ Հա­յաս­տա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի մի­ջեւ հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն կը զար­գա­նայ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը տնտե­սա­կան, ռազ­մա­թեք­նիկ ու մար­դա­սի­րա­կան բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս։ Նա­խա­գահ Սարգ­սեան միեւ­նոյն ժա­մա­նակ բարձր գնա­հա­տեց Ռու­սաս­տա­նի դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցէն ներս տա­րած­քաշր­ջա­նի մէջ անվ­տան­գու­թեան ու կա­յու­նու­թեան հաս­տատ­ման ուղ­ղու­թեամբ։

Իր կար­գին, Սէր­կէյ Լաւ­րով Սերժ Սարգ­սեա­նին փո­խան­ցեց Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի ջերմ ող­ջոյն­նե­րը եւ ընդգ­ծեց, թէ ան հե­տե­ւո­ղա­կան է հայ-ռու­սա­կան բարձր մա­կար­դա­կի պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րը կեան­քի կո­չե­լու հար­ցին մէջ։ Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան Լաւ­րով եւս գո­հու­նա­կու­թեամբ մատ­նան­շեց բո­լոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ար­դիւն­քին ար­ձա­նագ­րուած յա­ռա­ջըն­թա­ցը, աշ­խոյժ զար­գա­ցող յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, նե­րա­ռեալ հա­մարկ­ման գոր­ծըն­թաց­նե­րու շրջա­նակ­նե­րը։ Ըստ ի­րեն, Հա­յաս­տա­նի լիի­րաւ ան­դա­մակ­ցու­թիւ­նը՝ Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան, ան­շուշտ, դրա­կան ազ­դե­ցու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ տնտե­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ա­ռա­ւել խո­րաց­ման ու զար­գաց­ման տե­սան­կիւ­նէն։ Անդ­րա­դառ­նա­լով Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին՝ Սէր­կէյ Լաւ­րով ան­գամ մը եւս ընդգ­ծեց, որ հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւո­րու­մը այ­լընտ­րանք չու­նի։ Բաց աս­տի, զրու­ցա­կից­նե­րը կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին նաեւ մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գի ար­դի խնդիր­նե­րուն եւ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ։ Լաւ­րո­վի հետ տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին Սարգ­սեա­նի կող­քին էին Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան եւ նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վար Վի­գէն Սարգ­սեան։

Նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րան­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած այս տե­սակ­ցու­թեան զու­գա­հեռ, նա­խա­րար­նե­րու հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին ալ կա­րե­ւոր յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ կա­տա­րուե­ցան։ Նա­խա­րար­նե­րու հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց Սէր­կէյ Լաւ­րո­վը Ե­րե­ւա­նի մէջ ող­ջու­նե­լու շար­ժա­ռի­թին կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ըստ ի­րեն, Հա­յաս­տա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու հան­դի­պում­նե­րը կը կրեն պար­բե­րա­կան բնոյթ, ինչ որ բնա­կան է, ո­րով­հե­տեւ եր­կու եր­կիր­նե­րը ու­նին դաշ­նակ­ցա­յին, ռազ­մա­վա­րա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ։ Եր­կու պե­տու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­ներն ալ կը հան­դի­պին շատ խտա­ցեալ ձե­ւով։ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան տե­ղե­կա­ցուց, թէ ե­րէ­կուան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի հետ անդ­րա­դար­ձած են տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին բնոյ­թով հար­ցե­րու։ Բնա­կա­նա­բար, ա­նոնք քննար­կած են Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման հար­ցը եւ այն ջան­քե­րը, ո­րոնք կը գոր­ծադ­րուին Ռու­սաս­տա­նի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի միւս հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն կող­մէ։ Ըստ ի­րեն, Ե­րե­ւան բարձր կը գնա­հա­տէ այն ջան­քե­րը, ո­րոնք ուղ­ղուած են Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման։ Նալ­պան­տեա­նի խօս­քով, ի­րենք պի­տի շա­րու­նա­կեն աշ­խա­տիլ նոյն ո­գիով։

Մամ­լոյ ա­սու­լի­սի հար­ցում-պա­տաս­խա­նի բաժ­նին մէջ լրագ­րող մը հարց տուաւ Եւ­րո­խոր­հուր­դի խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի (ԵԽՎՎ) քա­ղա­քա­կան կո­մի­տէին կող­մէ վեր­ջերս հաս­տա­տուած, Ատր­պէյ­ճա­նի տե­սա­կէ­տէ նպաս­տա­ւոր զե­կոյ­ցին շուրջ, ո­րու հե­ղի­նակն էր անգ­լիա­ցի պատ­գա­մա­ւոր Ռա­պըրթ Ո­ւոլ­թըր։ Եր­կու նա­խա­րար­ներն ալ այս կա­պակ­ցու­թեամբ ար­տա­յայ­տե­ցին ի­րենց մօ­տե­ցում­նե­րը։ Նախ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան այս կա­պակ­ցու­թեամբ ը­սաւ հե­տե­ւեա­լը.

«Այս ա­ռի­թով ես բազ­միցս ար­տա­յայ­տուած եմ։ Ան­գամ մը եւս ը­սեմ, որ Ատր­պէյ­ճան կը փոր­ձէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի կար­գա­ւոր­ման քննար­կում­նե­րը տե­ղա­փո­խել այլ հար­թակ­ներ, այլ ձե­ւա­չա­փեր։ Իսկ միակ ձե­ւա­չա­փը, որ ու­նի մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան լիա­զօ­րու­թիւ­նը, ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գա­հու­թեան ձե­ւա­չափն է, որ միջ­նոր­դա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծին մէջ։ Հա­յաս­տա­նի դիր­քո­րո­շու­մը միան­գա­մայն կը հա­մընկ­նի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու այն դիր­քո­րոշ­ման, թէ այլ կա­ռոյց­նե­րը, կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը պէտք չէ ձեռ­նար­կեն ո­րե­ւէ քայ­լի, որ կրնայ խո­չըն­դո­տել խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը եւ յատ­կա­պէս սրել լա­րուա­ծու­թիւ­նը տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս։

«Եւ այդ հա­մա­տես­քին մէջ, ի հար­կէ, այլ ձե­ւա­չա­փեր տե­ղա­փո­խե­լու փոր­ձե­րը, իսկ դուք ալ լաւ գի­տէք, որ ո­րե­ւէ հա­կա­մար­տու­թիւն եր­բեք չէ կար­գա­ւո­րուած խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի մը միջ­նոր­դու­թեամբ, ա­պա­կա­ռու­ցո­ղա­կան են։ Եւ Սէր­կէյ Լաւ­րով խօ­սած է այս մա­սին. կայ հաս­տա­տուած լիա­զօ­րու­թիւն՝ տրուած ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն։ Հա­կա­մարտ կող­մե­րը պէտք է հա­մա­տեղ աշ­խա­տին հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն հետ, որ­պէս­զի գտնեն այս խնդրի բա­ցա­ռա­պէս կար­գա­ւո­րու­մը։

«Ինչ կը վե­րա­բե­րի ան­կողմ­նա­կա­լու­թեան ինչ­պէս կը պնդէ, ին­քը՝ զե­կու­ցո­ղը, ա­պա այս­տեղ միան­գա­մայն պարզ է, թէ ան­ձը, որ Անգ­լիոյ խորհր­դա­րա­նէն ներս եր­կար տա­րի­ներ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ բա­րե­կա­մու­թեան խում­բին մէջ ե­ղած է, բրի­տա­նա­կան մա­մու­լին մէջ հրա­պա­րա­կուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն հա­մա­ձայն, կը գան­ձատ­րուի Պա­քուէն, Ատր­պէյ­ճա­նի հա­մա­պա­տաս­խան հիմ­նադ­րամ­նե­րէն, ո­րե­ւէ կեր­պով չէր կրնար ու­նե­նալ ա­նա­չառ դիր­քո­րո­շում։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս նոյն բրի­տա­նա­կան մա­մու­լը կը գրէ այն մա­սին, թէ ան եւ իր ըն­տա­նի­քի ո­րոշ ան­դամ­ներ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ ու­նին ելմ­տա­կան եւ տնտե­սա­կան շա­հեր։ Շատ տա­րօ­րի­նակ էր, որ որ­պէս բրի­տա­նա­ցի խորհր­դա­րա­նա­կան եւ հե­տե­ւա­բար, ԵԽԽՎ-ի ան­դամ իր ա­ռա­քե­լու­թեան ա­ւար­տէն ըն­դա­մէ­նը եր­կու օր ա­ռաջ ան ո­րո­շեց հնա­րել այդ փաս­տա­թուղ­թը։ Փաս­տա­ցի, զե­կու­ցո­ղին լիա­զօ­րու­թեան ա­ւար­տէն տա­կա­ւին տա­րի մը ա­ռաջ ան հնա­րեց այդ զե­կոյ­ցը։ Ես այդ բա­նա­ձե­ւը չեմ մեկ­նա­բա­ներ, ո­րով­հե­տեւ չեմ կար­ծեր, որ ար­ժա­նի է մեկ­նա­բա­նու­թեան։

«Ես կը փա­փա­քիմ յի­շեց­նել, որ Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ԵԽԽՎ-ի կող­մէ ըն­դու­նուած զա­նա­զան փաս­տա­թուղ­թե­րը կը մեկ­նա­բա­նէ տար­բեր ձե­ւով։ Նա­խա­վեր­ջին փաս­տա­թուղ­թը, որ այդ կա­ռոյ­ցին կող­մէ ըն­դու­նուած էր Ատր­պէյ­ճա­նի վե­րա­բե­րեալ, այդ երկ­րի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ ա­նուա­նուե­ցաւ թուղ­թի կտոր, իս­լա­մա­տեա­ցու­թեան դրսե­ւո­րում, իսկ այս փաս­տա­թուղ­թը ա­նոնք կը ներ­կա­յաց­նեն գրե­թէ որ­պէս մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ ի­րա­ւուն­քի հիմ­նա­կան փաս­տա­թուղ­թե­րէն մին, գրե­թէ ՄԱԿ-ի կա­նո­նադ­րու­թեան հա­ւա­սար։ Մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րը կը թո­ղեմ ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րուն եւ ի­րենց ըն­կեր­նե­րուն խղճին»։­

Ի յա­ւե­լումն Նալ­պան­տեա­նի պա­տաս­խա­նին՝ Սէր­կէյ Լաւ­րովն ալ մամ­լոյ ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին ը­սաւ հե­տե­ւեա­լը. «Ես կը փա­փա­քիմ քա­նի մը բառ ա­ւելց­նել, ո­րով­հե­տեւ խօսք կ՚եր­թայ հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն մա­սին։ Մենք՝ Ռու­սաս­տան, Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ եւ Ֆրան­սա, բա­ցար­ձա­կա­պէս դէմ ենք, որ հե­տե­ւո­ղա­կան, գործ­նա­կան, համ­բե­րա­տար երկ­խօ­սու­թեան փո­խա­րէն, իսկ հար­ցը իս­կա­պէս շատ բարդ է, ու­նի իր պատ­մու­թիւ­նը, փորձ կա­տա­րուի տե­ղա­փո­խե­լու այդ հար­ցը մի­ջազ­գա­յին այլ հար­թակ­ներ, ո­րոնք չեն զբա­ղիր կար­գա­ւոր­մամբ։

«Յա­մե­նայն­դէպս, մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ա­նու­նով ա­նոնց այդ­պի­սի յանձ­նա­ռու­թիւն մը չէ տուած ոե­ւէ մէ­կը։ Հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը կ՚աշ­խա­տին կող­մե­րու մի­ջեւ հա­մա­ձայ­նու­թեան հի­ման վրայ, ՄԱԿ-ի Անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դին կող­մէ հա­ւա­նու­թեան ար­ժա­նա­ցած հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու հի­ման վրայ։ Այդ եր­րեա­կը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման լիա­զօ­րեալ հա­ւա­քա­կան միջ­նորդն է եւ ո­րե­ւէ ծայ­րա­յեղ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ, ո­րու կող­մէ որ ձեռ­նար­կուին, միայն կը վնա­սեն գոր­ծին եւ կը վնա­սեն աշ­խա­տան­քին հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն, ո­րոնք կը կրկնեմ, շատ ու շատ աշ­խոյժ կ՚աշ­խա­տին, ոչ միշտ հրա­պա­րա­կայ­նօ­րէն, բայց մենք միշտ կող­մե­րու հետ կա­պի մէջ ենք՝ թէ՛ նա­խա­րար­նե­րու եւ թէ մեր յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու մա­կար­դա­կով»։

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն տե­ւո­ղու­թեան Լաւ­րով ը­սաւ. «Մենք կը պաշտ­պա­նենք ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թիւ­նը բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ ճա­նա­պար­հով կար­գա­ւո­րե­լու ուղ­ղեալ Ե­րե­ւա­նի դիր­քո­րո­շու­մը»։ Ռուս նա­խա­րա­րը վստա­հու­թիւն յայտ­նեց, թէ կող­մե­րը պէտք է շա­րու­նա­կեն փո­խա­դարձ շա­հա­ւէտ զի­ջում­նե­րու հիմ­քեր մշա­կե­լու ջան­քե­րը։ Ռու­սաս­տան՝ որ­պէս ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ, կը շա­րու­նա­կէ աշ­խոյժ դեր խա­ղալ դրա­կան ար­դիւն­քի հաս­նե­լու նպա­տա­կով։

Իր կար­գին, Նալ­պան­տեանն ալ յայտ­նեց, որ Ե­րե­ւան պաշ­տօ­նա­պէս բարձր կը գնա­հա­տէ ղա­րա­բա­ղեան հար­ցի բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ լուծ­ման հար­ցին մէջ ռու­սա­կան կող­մին եւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն ջան­քե­րը ու պի­տի շա­րու­նա­կէ աշ­խա­տիլ նոյն ո­գիով։

ԸՍՏ ՃԷՅՄՍ ՈՒՈՐԼԻՔԻ, ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔ ՉՈՒՆԻ

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ Ճէյմս Ո­ւոր­լիք յայ­տա­րա­րեց, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման հար­ցին մէջ դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը այ­լընտ­րանք չու­նի։ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան տուած բա­ցա­ռիկ հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ ա­մե­րի­կա­ցի դի­ւա­նա­գէ­տը տե­ղե­կա­ցուց, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը հա­մա­տեղ աշ­խա­տանք կը կա­տա­րեն Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի հետ՝ մին­չեւ տա­րե­վերջ եր­կու եր­կիր­նե­րու նա­խա­գահ­նե­րուն մի­ջեւ հան­դի­պում մը կազ­մա­կեր­պե­լու նպա­տա­կով։ Ճէյմս Ո­ւոր­լի­քի խօս­քե­րով, սահ­մա­նի վեր­ջին դէպ­քերն ալ կը խո­չըն­դո­տեն հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը։

Ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գա­հը յի­շե­ցուց, թէ ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րու տա­րած­քաշր­ջան կա­տա­րած վեր­ջին այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին նա­խա­գահ­նե­րը խոս­տա­ցան հան­դի­պիլ մին­չեւ տա­րե­վերջ։ «Կ՚ակն­կա­լենք, որ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին նա­խա­գահ­նե­րը պի­տի քննար­կեն կար­գա­ւոր­ման հիմ­նա­կան տար­րե­րը։ Մենք ա­նոնց կոչ կ՚ուղ­ղենք օգ­տա­գոր­ծել հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը՝ նուա­զեց­նե­լու հա­մար լա­րուա­ծու­թիւ­նը, վերջ տա­լու բռնու­թեան եւ խու­սա­փե­լու զո­հե­րէն, նե­րա­ռեալ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու շրջա­նա­կին մէջ», ը­սաւ Ճէյմս Ո­ւոր­լիք, ո­րու հա­մոզ­մամբ դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը այ­լընտ­րանք չու­նի։ Ա­ռանց հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու աշ­խոյժ միջ­նոր­դու­թեան եւ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն մէջ կող­մե­րու մաս­նակ­ցու­թեան, ռազ­մա­կան ճա­նա­պար­հով հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման վտան­գը կը մեծ­նայ։ Ան յի­շե­ցուց, թէ ան­ցեալ Հոկ­տեմ­բե­րին հա­կա­մարտ կող­մե­րը խոս­տա­ցած էին երկ­խօ­սու­թիւ­նը աշ­խու­ժաց­նել եւ յոյս յայտ­նեց, թէ յա­ռա­ջի­կայ հան­դի­պու­մը նոր խթան մը պի­տի հան­դի­սա­նայ ա­նոնց հա­ղոր­դակց­ման հա­մար։

Ճէյմս Ո­ւոր­լի­քի հա­մոզ­մամբ, խա­ղա­ղու­թեան առ­ջեւ ա­մե­նա­մեծ խո­չըն­դո­տը բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցաւ խնդրի ար­դար ու տե­ւա­կան կար­գա­ւոր­ման հաս­նե­լու ուղ­ղեալ քա­ղա­քա­կան կամ­քի բա­ցա­կա­յու­թիւնն է թէ՛ Հա­յաս­տա­նի եւ թէ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ։ «Մենք բազ­միցս նշած ենք, որ բա­նակ­ցա­յին ճա­նա­պար­հով ձեռք բե­րուած կար­գա­ւո­րու­մը տե­ւա­կան ժա­մա­նակ այս հա­կա­մար­տու­թե­նէն տու­ժած տա­րած­քաշր­ջա­նին պի­տի բե­րէ խա­ղա­ղու­թիւն եւ բար­գա­ւա­ճում։ Հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կեն այս հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ ի­րենց ջան­քե­րը, այն­քան ժա­մա­նակ՝ որ կող­մե­րը կը կա­րե­ւո­րեն ի­րենց դե­րը, բայց վեր­ջնա­կան ո­րո­շու­մը պէտք է առ­նեն նա­խա­գահ­նե­րը», ը­սաւ Ո­ւոր­լիք։

Անդ­րա­դառ­նա­լով միջ­նորդ­նե­րու վեր­ջին այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին Ար­ցա­խի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի շփման գծին վրայ ապ­րուած դէպ­քին՝ Ճէյմս Ո­ւոր­լիք ա­ւել­ցուց հե­տե­ւեա­լը. «Դէպ­քը, որ ար­ձա­նագ­րուե­ցաւ հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու եւ ԵԱՀԿ-ի դի­տորդ­նե­րու շփման գի­ծը անց­նե­լուն ըն­թաց­քին, ա­նըն­դու­նե­լի է։ Անհ­նար է ո­րո­շել, թէ ո՛ր կող­մը հրահ­րած է յար­ձա­կու­մը, ինչ որ ե­ղած էր դի­տա­ւո­րեալ ու մի­տուած էր բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը խա­թա­րե­լու։ ԵԱՀԿ-ի դի­տորդ­նե­րը կա­րե­ւոր գոր­ծա­ռոյթ կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն՝ նպա­ստե­լով կա­յու­նու­թեան ու անվ­տան­գու­թեան շփման գծի եր­կայն­քով, ինչ­պէս նաեւ՝ մի­ջազ­գա­յին սահ­մա­նին։ Ա­նոնց անվ­տան­գու­թիւ­նը եր­բեք պէտք չէ վտան­գուի»։ 

 

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2015