ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ ՀԱՄԵՐԳ

Հայաստանի Էսթրատային երաժշտութեան աստղերը Stars of Armenia խորագրեալ համերգ մը սարքած են Թիֆլիզի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, այս երեկոյթը կայացած է Թիֆլիզի  համերգասրահի բեմին վրայ։ Վրաստանի մայրաքաղաքի համերգին ընթացքին ելոյթ ունեցած են՝ Միհրան Ծառուկեան, Արփի Գաբրիէլեան, Էրիկ Կարապետեան, Մավր Մկրտչեան, Վաչէ Ամարեան եւ Գոռ Յակոբեան, որոնք ոգեշնչած են հանդիսականները։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 10, 2017