ՄՈԼՏՈՎԱՅԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՇՓՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց Մոլտովայի Նախագահ Իկոր Տոտօն, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Հիւր ղեկավարի ի պատիւ նախագահական ապարանքէն ներս տեղի ունեցաւ դիմաւորման արարողութիւն։ Աւելի վերջ նախագահները ունեցան առանձնազրոյց մը եւ գլխաւորեցին ընդլայնուած կազմով բանակցութիւնները։ Անոնք սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Օրուան տեւողութեան Իկոր Տոտօ այցելեց Ծիծեռնակաբերդ, Մատենադարան եւ «Թումօ» ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնը։ Մոլտովայի առաջին տիկինն ալ Ռիթա Սարգսեանի ուղեկցութեամբ այցելեց Փարաճանովի տուն-թանգարանը եւ Արիւնաբանութեան կեդրոն։ Սերժ Սարգսեան ընթրիք մըն ալ սարքեց ի պատիւ մոլտովացի պաշտօնակցին։ 

Երկու նախագահները իրենց յայտարարութիւններուն մէջ շեշտը դրին առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման վրայ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 10, 2017