ՅԻՇԵԼՈՎ ՄԵԾՆ ԱԹԱԹԻՒՐՔԸ

Թուրքիոյ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի մահուան 79-րդ տարելիցն է այսօր։ Բովանդակ Թուրքիան Մեծն Աթաթիւրքը կ՚ոգեկոչէ՝ երախտագիտութեամբ եւ իր թողած աւանդին տէր կանգնելու գիտակցութեամբ։ Թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան մէջ ան կը վերյիշուի մասնաւոր արարողութիւններով։ Բնականաբար, ամբողջ երկրին ուշադրութիւնը կեդրոնացած է իր յուշադամբանին՝ «Անըթքապիր»ի վրայ, ուր այս առաւօտ այցելութիւն մը տուաւ պետական աւագանին, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ։ Առաւօտեան ժամը 09.05-ին ամբողջ երկրին մէջ յարգանքի լռութիւն պահուեցաւ Մեծն Աթաթիւրքի համար։ Այդ ժամը թէեւ իր հրաժեշտի պահը կը խորհրդանշէ, սակայն անցեալ 79 տարիները արդէն եկած են անոր վերագրել բոլորովին տարբեր իմաստ մը, որովհետեւ այդ նոյն պահուն Թուրքիոյ մէջ ամբողջ ժողովուրդը կը նոյնանայ Մեծն Աթաթիւրքի յիշատակին հետ։ 

Ծանօթ է, որ Աթաթիւրք 10 Նոյեմբեր 1938 թուականին կնքած էր մահկանացուն՝ իր իսկ հիմնադրած Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը տասնհինգ տարի ղեկավարելէ վերջ։ Անցնող տասնամեակներուն ժողովուրդը իրեն նկատմամբ երախտագիտութեան հետ նոյնացուցած է անզիջում սկզբունքայնութիւնը՝ երկրի անանջատելի ամբողջականութեան, ազգային միասնականութեան, ժողովրդավարական ու աշխարհավար դրութեան, պետութեան իրաւական բնոյթին նկատմամբ, յարատեւ զարգացման ու վերելքի ուղիի մը որդեգրումով հանդերձ։ 

Հարկ է նշել, որ Աթաթիւրքի մահուան տարելիցին՝ Նոյեմբերի 10-ին առթիւ պետական աւագանիի յառաջատար անունները հրապարակած են նաեւ պատգամներ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 10, 2017