Թրամփի Յաղթանակը Հիասթափեցուցած Է Օպաման

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա խօ­սե­լով իր երկ­րին մէջ 8 Նո­յեմ­բե­րին տե­ղի ու­նե­ցած նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թեան ար­դիւնք­նե­րուն եւ հան­րա­պե­տա­կան թեկ­նա­ծու Տա­նըլտ Թրամ­փի ա­նակն­կալ յաղ­թա­նա­կին մա­սին ը­սած է, որ ա­տի­կա «հիաս­թա­փեց­նող» էր:

Այս մա­սին Պարաք Օ­պա­մա ը­սած է «Ռո­լինկ Սթոն» ամ­սա­գի­րին հետ հար­ցազ­րոյ­ցի մը ըն­թաց­քին՝ ա­ւելց­նե­լով, որ թէեւ նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րա­պայ­քա­րի ամ­բողջ ըն­թաց­քին պնդած է, որ Տանըլտ Թրամփ պի­տի չյաղ­թէ, սա­կայն եօ­թա­նա­սուն տա­րե­կան մի­լիա­ռա­տի­րոջ յաղ­թե­լու ա­ռիթ­նե­րը միշտ ալ ե­ղած են բարձր:

«Ինչ խօսք, ես հիաս­թա­փուած եմ` մա­սամբ այն պատ­ճա­ռով, որ ի դէմս Հի­լը­րի Քլին­թը­նի կը տես­նէի լաւ նա­խա­գա­հի», ը­սած է Օ­պա­մա:

Ան նաեւ նշած է, որ Քլին­թը­նի պար­տու­թիւ­նը մա­սամբ պայ­մա­նա­ւո­րուած էր այն փաս­տով, որ Դե­մոկ­րա­տա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը, ի տար­բե­րու­թիւն Հան­րա­պե­տա­կա­նին, ա­ւե­լի շատ կեդ­րո­նա­ցած էր ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հար­ցե­րուն վրայ՝ մոռ­նա­լով սպի­տա­կա­մորթ աշ­խա­տա­ւոր դա­սա­կար­գին հետ աշ­խա­տիլ:

Վեր­ջա­ւո­րու­թեան Օ­պա­մա նաեւ մեկ­նա­բա­նած է վեր­ջին շրջա­նին աշ­խու­ժօ­րէն քննար­կուող այն տե­ղե­կու­թիւ­նը, թէ Ա­ռա­ջին տի­կին Մի­շէլ Օ­պա­մա կրնայ յա­ջորդ նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ա­ռա­ջադ­րել իր թեկ­նա­ծու­թիւ­նը:

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հը ը­սած է, որ իր կի­նը եր­բեք այդ­պի­սի բան պի­տի չը­նէ, ո­րով­հե­տեւ կ՚ու­զէ հե­ռու մնալ քա­ղա­քա­կա­նու­թե­նէն:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 10, 2016