Մնայուն Ցուցասրահ՝ Ֆրեզնոյի Մէջ

Ֆրեզ­նո­յի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նը քա­ղա­քի Շօ պո­ղո­տա­յին վրայ, թիւ 41 ա­զա­տու­ղիէն քիչ մը ա­րե­ւելք, ու­նի իր վար­չա­կան բա­ժան­մուն­քի շէն­քը, ո­րուն նրբանցք­նե­րը, սրահն ու քա­նի մը գրա­սե­նեակ­ներ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն վե­րա­ծուած են գե­ղան­կա­րիչ­նե­րու ու ո­րոշ չա­փով հայ­կա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու ա­րուես­տի ճամ­բով ցու­ցադր­ման ժա­մադ­րա­վայ­րի, իբ­րեւ ար­դիւնք մտայ­ղաց­քին ազ­նիւ հա­յոր­դիի մը, որ կը կո­չուի Վա­րու­ժան Տէր-Սի­մո­նեան եւ գոր­ծակ­ցու­թեամբ ու քա­ջա­լե­րան­քով հա­մալ­սա­րա­նի յի­շեալ կեդ­րո­նի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն։

Ըստ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու «Աս­պա­րէզ» օ­րա­թեր­թին, կեդ­րո­նը բաց է աշ­խա­տան­քի բո­լոր օ­րե­րուն եւ ժա­մե­րուն, ա­նոր նրբանցք­նե­րէն, գրա­սե­նեակ­նե­րէն ու սրահ­նե­րէն կ՚անց­նին բազ­մա­հա­րիւր այ­ցե­լու­ներ, ա­ռա­ւե­լա­բար ոչ հայ, սրա­հին մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նան բազ­մա­մարդ հա­մա­գու­մար­ներ ու գի­տա­ժո­ղով­ներ. բո­լո­րը ա­կա­նա­տես կ՚ըլ­լան ցու­ցադ­րուած գոր­ծե­րուն։

Ի՞նչ պի­տի տես­նէ այ­ցե­լու մը՝ այս օ­րե­րուն։

Կեդ­րո­նի մուտ­քին, կող­քի սրա­հին մէջ ու նրբանց­քին՝ կը ցու­ցադ­րուին Ռու­բէն (Ռու­բիկ) Քո­չա­րեա­նի գոր­ծե­րը, իւ­րա­յա­տուկ հա­ւա­քա­ծոյ մը. ա­ռա­ջին ակ­նար­կով՝ գե­ղան­կար­նե­րը ակն­դի­րին ու­շադ­րու­թիւ­նը կը գրա­ւեն ի­րենց հա­րուստ ու վառ գոյ­նե­րով։ Յա­ջորդ վայր­կեան­նե­րուն, այ­ցե­լուն կ՚անդ­րա­դառ­նայ, որ գրե­թէ բո­լոր գոր­ծե­րը ներշն­չուած են մեր պատ­մու­թե­նէն, սկսե­լով ու­րար­տա­կան շրջա­նէն ու ա­ւան­դա­վէ­պե­րէն, ընդգր­կե­լով դիւ­ցա­զուն­ներն ու հին աս­տուած­ներ։ Մեր պատ­մու­թեան գլխա­ւոր դրուագ­նե­րը շա­րուած են պա­տե­րուն. հոն կա­րե­լի է հան­դի­պիլ Հայկ Նա­հա­պե­տին, Ա­րա­մին ու Ա­րա Գե­ղե­ցի­կին, Ա­նա­հիտ դի­ցու­հիին, Ա­րա­րատ լեռ­նէն վար ի­ջած՝ գի­նի պատ­րաս­տող Նո­յին ու այլ նա­հա­պետ­նե­րու, նա­խա­հայր ու­րար­տա­ցի­նե­րու օ­րե­րէն մե­զի ա­ւանդ հա­սած քան­դա­կա­գոր­ծու­թեան ու լա­ւա­շի պատ­րաս­տու­թեան, Մեծն Տիգ­րա­նին, Փա­ռան­ձեմ թա­գու­հիի մղած մար­տին ու տա­կա­ւին՝ Աղ­թա­մար ա­ւան­դա­վէ­պէն ներշն­չուած պաս­տա­ռի մը։ Գե­ղան­կար­նե­րուն մեծ մա­սը «բազ­մա­մարդ» է, կը մէկ­տե­ղուին թա­գա­ւոր­ներ, իշ­խան­ներ, տօ­նախմ­բող ժո­ղո­վուրդ ու զար­դա­րուն ցու­լեր… Իւ­րա­քան­չիւր պաս­տա­ռի կող­քին, զե­տե­ղուած են փոք­րա­դիր ցու­ցա­նակ­ներ, ո­րոնք հա­կիրճ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ կը կրեն տուեալ պաս­տա­ռին մա­սին։ Սեպ­տեմ­բե­րին սկսած այս ցու­ցա­հան­դէ­սը, որ հայ­կա­կան պատ­մու­թեան մա­սին պատ­կե­րա­ւոր դա­սա­խօ­սու­թեան մը բնոյ­թը ու­նի, պի­տի տե­ւէ մին­չեւ Դեկ­տեմ­բե­րի կէ­սե­րը, հա­ւա­նա­բար նաեւ ա­ւե­լի ան­դին։

Քո­չա­րեա­նի գե­ղան­կար­նե­րուն կող­քին, նրբանցք­նե­րուն մէջ տեղ գրա­ւած են ֆրեզ­նո­յաբ­նակ թէ հայ­րե­նի այլ հայ ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու եւ ա­րուես­տա­գի­տու­հի­նե­րու գոր­ծեր, ինչ­պէս նաեւ՝ որ­մազ­դի յղաց­քով գե­ղան­կար­ներ, ո­րոնք քիչ մը ա­ւե­լի ման­րա­մասն ծա­նօ­թու­թիւն­ներ կու տան Ար­ցա­խի պատ­մու­թեան ու ի­րա­դար­ձու­թեանց, հայ մշա­կոյ­թին ու կեան­քին այլ ե­րե­սակ­նե­րու մա­սին։

Սրա­հի կող­քին, կազ­մա­կեր­պի­չը՝ Վա­րու­ժան Տէր-Սի­մո­նեան, ու­նի քա­նի մը գրա­սե­նեակ­ներ, ո­րոնք նմա­նա­պէս վե­րա­ծուած են ման­րա­տիպ ցու­ցաս­րա­հի. գե­ղանը-կար­նե­րու կող­քին, կը ցու­ցադ­րուին կեր­պա­րուես­տի այլ գոր­ծեր։

Այս բո­լո­րը՝ երկ­յար­կա­նի ըն­դար­ձակ շէն­քին ա­ռա­ջին յար­կին վրայ։ Երկ­րորդ յարկ բարձ­րա­ցո­ղը պի­տի տես­նէ այլ գե­ղան­կար­ներ ու լու­սան­կար­ներ, ո­րոնց մէջ պատուոյ տեղ գրա­ւած է մե­ծա­նուն Ո­ւի­լիըմ Սա­րո­յեա­նը կեն­դա­նի պա­հող լու­սանը-կար­նե­րու շարք մը։

Մէկ խօս­քով, աշ­խա­տան­քա­յին գրա­սե­նեակ­նե­րու յա­տուկ այս կեդ­րո­նը կը մարմ­նա­ւո­րէ թան­գա­րա­նա­յին պատ­կե­րաս­րահ մը, ուր հայն ու հայ­կա­կա­նու­թիւ­նը ներ­կա­յու­թիւն են տա­րուան իւ­րա­քան­չիւր օ­րը, ոչ նման այն ցու­ցա­հան­դէս­նե­րուն, ո­րոնք կը տե­ւեն մէկ օր կամ շա­բա­թա­վերջ մը։ Այս աշ­խա­տան­քը ճամ­բայ չէ ե­լած ա­ռեւտ­րա­կան նպա­տա­կով, այ­սինքն՝ գոր­ծե­րը վա­ճառ­քի դնե­լու հա­մար, թէեւ արուես­տա­սէր­նե­րու փա­փա­քը կրնայ չմեր­ժուիլ…

Ինչ­պէս ան­ցեալ տա­րի­նե­րուն, նոյն­պէս ալ յա­ռա­ջի­կա­յին, Վա­րու­ժան Տէր-Սի­մո­նեան նկա­տի ու­նի այլ ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու գոր­ծե­րու եր­կար ժամ­կէ­տով ցու­ցադ­րու­թիւ­նը։

Ան­հա­տա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեան մը տա­րո­ղու­թե­նէն ա­ւե­լին է այս մնա­յուն ցու­ցա­հա­նէ­սը, ինչ­պէս կրնայ հե­տեւց­նել ըն­թեր­ցո­ղը՝ վե­րո­յի­շեալ հա­կիրճ բա­ցատ­րա­կա­նէն։ Հա­յու­թեան հա­մար ազ­նիւ քա­րոզ­չու­թեան գոր­ծիք մըն է նաեւ այս ցու­ցա­հան­դէ­սը, ար­ժա­նի՝ գնա­հա­տան­քի ու քա­ջա­լե­րան­քի, որ ան­պայ­ման նիւ­թա­կան զօ­րակ­ցու­թեամբ չ՚ըլ­լար, այլ այս ման­րա­կերտ պատ­կե­րաս­րա­հը այ­ցե­լու­թեամբ եւ օ­տար բա­րե­կամ­նե­րու քայ­լե­րը հոն ա­ռաջ­նոր­դե­լո­վ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 10, 2016