ՏԱՆԸԼՏ ԹրամփԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նո­րըն­տիր նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թրամփ յայ­տա­րա­րած է, որ ա­մե­րի­կեան նոր վար­չա­կազ­մը լա­ւա­գոյ­նը պի­տի ըլ­լայ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ամ­բողջ պատ­մու­թեան մէջ:

«Ես կը կար­ծեմ, որ մենք նա­խա­րար­նե­րու հո­յա­կապ խոր­հուր­դի ձե­ւա­ւոր­ման հո­լո­վոյ­թին մէջ ենք եւ այդ խոր­հուր­դին նմա­նը տա­կա­ւին չէ ե­ղած մեր երկ­րի պատ­մու­թեան մէջ», ը­սած է Թրամփ Ա­յոա նա­հան­գին մէջ իր կողմ­նա­կից­նե­րու հան­րա­հա­ւա­քի ըն­թաց­քին:

Ըստ «Ին­թեր­ֆաքս»ի, Թրամփ այժմ շրջա­գա­յու­թիւն կը կա­տա­րէ, որ­պէս­զի շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նէ նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թեան մէջ ի­րեն քուէար­կած ընտ­րող­նե­րուն:

Ան նշած է, որ նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րու եւ գե­րա­տես­չու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար պաշ­տօն­նե­րու բո­լոր թեկ­նա­ծու­նե­րը «հիա­նա­լիօ­րէն կը հասկ­նան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը այն աշ­խա­տան­քին», որ ա­նոնք պի­տի կա­տա­րեն, ինչ­պէս նաեւ «տա­ղան­դա­ւոր, խե­լա­ցի մար­դիկ են»:

Ան այս յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը կա­տա­րած է լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րու եւ Դե­մոկ­րա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ­նե­րու կող­մէ քննա­դա­տու­թեան լոյ­սին տակ: Ա­նոնք նշած են, որ նոր կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ չա­փա­զանց շատ են ա­մե­րի­կեան մեծ ա­ռեւ­տու­րի եւ պաշ­տօ­նա­թող զի­նուո­րա­կան­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 10, 2016