«ԱՐԴԵՕՔ ԼԻԲԱՆԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ Կ՚ԵՐԹԱ՞Յ» ՀԱՐՑՈՒՄԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՄՆԱԼ ԱՆՊԱՏԱՍԽԱՆ

Երբ Սուրիոյ դէպքերը սկսան, բազմաթիւ լիբանանցի քաղաքական գործիչներ իրենց քաղաքական հանգանակը դարձուցին «ամէն գնով Լիբանանը Սուրիոյ հրդեհներէն հեռու պահել» մօտեցումը։

Այդ մօտեցման կարեւոր կոչնակներէն էր Լիբանանի հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրին, որ 2017 թուականին երբ անակնկալ կերպով Սէուտական Արաբիա գնաց եւ քիչ անց յայտարարեց իր հրաժարականը, կարեւոր ճիգ կատարած էր, որպէսզի երկրի իր քաղաքական գործընկերները լաւապէս հասկնան ու մարսեն «Լիբանանը հեռու պահել Սուրիոյ հրդեհներէն» մօտեցումը։ Ցաւոտ պիտի ըլլար այդ ընտրանքը յատկապէս այն ուժերուն համար, որոնք ունէին արտաքին նեցուկ եւ հանդէս կու գային իրանամէտ դիրքերէ։ Տակաւին քիչեր միայն կը հասկնային, թէ Սուրիան իրենց թիրախը դարձնելէ ետք արեւմտեան ուժեր եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներ պիտի անցնէր Իրանի օրակարգին ու այդտեղ աւելի քան յստակ էր, որ այդ ըլլալիք (այսօր արդէն ընթացող) պատերազմին մէջ ամենէն թոյլ եւ «նպատակայարմար» օղակն ու թիրախը Լիբանանն էր։ Երբ Լիբանան կ՚ըսենք ու յատկապէս թիրախ եզրոյթը լոյսին կը հանենք, պէտք է հասկնանք «Հիզպուլլահ»ը, որուն դէմ եղած ճնշումները այսօր հասած են իրենց գագաթնակէտին ու տնտեսական հրդեհով մը պաշարած են ամբողջ երկիրը։

Ամէն պարագայի աւելի քան յստակ է, որ Լիբանանի մէջ երեւցած ճգնաժամը միայն ներքաղաքական սուր պայքարի, կամ տնտեսական տագնապի արդիւնք չէ, այլ աւելին է ու յստակ է արդէն, որ Լիբանանի մէջ ընթացող դրոյթները պիտի ազդուին ու նաեւ ազդեն շրջանային գալիք գործընթացներուն վրայ, որոնց ամենէն կարեւորը Ուաշինկթըն-Թեհրան պայքարն է, որ կարծես թէ շատ շուտով պիտի մտնէ որոշիչ նոր փուլ։

Վերադառնալով այսօրուան դրութեան՝ ապա արդէն աւելի քան յիսուն օրէ ի վեր դուրս եկած է իր բնականոն հունէն։ Վերջին երկու տարիներուն բողոքի տարբեր ձեւաչափերով արտայայտուող ժողովրդային ալիքը այսօր երկիրը տարած է համընդհանուր պոռթկումի մը հարթակին ու նկատառելի է, որ ցուցարարները պատրաստ չեն շունչ մը քաշել կամ նստիլ երկխօսութեան սեղան։

Եղած դէպքերուն ու շարժառիթին յայտնի պատճառներուն մասին շատ մելան հոսեցաւ։ Վերլուծողներ նկատել տուին, թէ լիբանանցի ժողովուրդին համբերութիւնը հատած է ու իրենք այլեւս տուժելու տեղ չունին։ Մինչ առաջին օրերուն ցոյցերը կը կատարուէին ունենալով բացառապէս տնտեսական մտահոգութիւններ, այսօր արդէն երկրին մէջ նոր իրավիճակ կը տիրէ։

Կան կարեւոր հարցադրումներ, որոնք յաճախ լսելի կը դառնան ու մերթ ալ մեծ մտահոգութիւններու պատճառ կը հանդիսանան։ Այդ հարցումներու ամենէն էականը հետեւեալն է. «Արդեօք Լիբանան նոր պատերազմի մը կ՚երթա՞յ...»։ Բազմաթիւներ կ՚ուղղեն այս հարցումը, իսկ հազուագիւտներն ալ կը կարողանան յստակ եւ ամբողջական պատասխան մը տալ այդ հանելուկին։

Ամէն պարագայի գրառումս պիտի ուզեմ աւարտել լաւատեսական շեշտով, միշտ հաւատալով, որ լիբանանցի ժողովուրդը չ՚ուզեր իր ետին նայիլ եւ չ՚ուզեր վերստին ապրիլ քաղաքացիական չարաղէտ պատերազմի ծանր դէպքերը ու կը փորձէ ամէն գնով Լիբանանը հեռու պահել նոր արիւնահեղութենէ։

Պիտի ուզեմ նաեւ քանի մը կարեւոր կէտ ներկայացնել քաղաքական եւ ընկերային գետիններու վրայ ընթացող զարգացումներուն ու իմ նշմարած կէտերուն մասին։

1.- Ցուցարարները, որոնց համար ամենաէականն է երկխօսութիւն կատարելը, անտարբեր են երկխօսութեան սեղան նստելու։ Հասկնալի է, որ մարդիկ դժգոհ են, շատ դժգոհ են, ու ատոր համար ալ փողոց իջած են, բայց ի՛նչ է արժէքը այդ բողոքի հաւաքներուն, եթէ անոնք պատրաստ չեն դրական ոգիով մը խօսիլ քաղաքական կողմերուն հետ, տրուած ըլլալով, որ հակառակ իրենց մեծաթիւ ըլլալուն, ամբողջ երկիրը չեն ներկայացներ։ Եթէ դուն բոլորին, Լիբանանի համար է, որ կ՚ընես շարժումդ, ապա պարտաւոր ես բոլորին, բոլոր լիբանանցիներուն հետ խօսիլ։

2.- Երկրի նախագահ Միշէլ Աուն, որ յայտնի է իր տեսակէտին վրայ յամառօրէն կառչած մնալու սկզբունքին, առնուազն իր փեսային հարցով պարտաւոր է զիջումներու երթալու… նաեւ սեղանին վրայ դնելով երկրի անմխիթար վիճակն ու իրմէ աւելի յամառ դուրս եկած ցուցարարներու մօտեցումն ու անոնց ստեղծած նոր իրականութիւնը, ՊԱՐՏԱՒՈՐ է, այո՛, ՊԱՐՏԱՒՈՐ է, «Հիզպուլլահ»ը համոզել եւ ստեղծել անկախներու-ոչ քաղաքական կառավարութիւն մը, որուն գլուխը պիտի ըլլայ Սաատ Հարիրին։ Նախագահը միայն այդ կերպով կրնայ սպունգի պէս ներծծել ստեղծուած քաոսը եւ նոր կառավարութեան մը կազմութեամբ երկիրը տանիլ ապահով ափ։

3.- «Հիզպուլլահ»ը, որ ցոյցերէն շաբաթ մը անց ունեցաւ սխալ դրսեւումներ, այսօր ցոյց կու տայ Լիբանանի վիճակով մտահոգ եւ ամենէն աւելի խոհեմ դրսեւորումներ։ Նախ «Հիզպուլլահ»ի գերագոյն ղեկավարութիւնը ամէն կերպով իր շրջանակներուն եւ համակիրներուն հասկցուցած է հեռու մնալ բողոքարարներէն, հետեւաբար նաեւ հեռու մնալ բախումներէ...։ Սա ապահովութեան երաշխիքն է, որովհետեւ եթէ «Հիզպուլլահ»ի դրօշակները օգտագործող երիտասարդներ իրենց մոթորսիքլէթներով դարձեալ Պէյրութի փողոցները ողողեն, այն ատեն բախումները կը դառնան անկանխատեսելի... Միւս կողմէ, «Հիզպուլլահ» շատ լաւ գիտէ, որ իր «քաղաքական վահան»ը Սաատ Հարիրին է, ու ատոր համար ալ պէտք չէ վախ ապրի կառավարութենէն դուրս մնալով։ Կառավարութենէն դուրս մնալ անպայման չի նշանակեր քաղաքական խաղէն դուրս մնալ, մանաւանդ որ նոր կառավարութեան ամենակարեւոր խնդիրը պիտի ըլլայ կարգի բերել երկրի ընկերային եւ տնտեսական իրավիճակը։

4.- Վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ ներկայ փուլին կը դրսեւորէ հասուն քաղաքական գործիչի մօտեցում, իր հրաժարականով ոչ միայն շահեցաւ ցուցարարներուն սիրտը, այլ այսօր իր «ղայիմ» կեցուածքով կը շարունակէ մնալ վարչապետութեան գլխաւոր եւ միակ (այո միակ) թեկնածու։ Կը մնայ, որ Հարիրի կարգի բերէ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմէտին հետ իր յարաբերութիւնը, որպէսզի կարողանայ դէպի Լիբանան դրամական մեծ հոսք ապահովել։ Հարիրի նաեւ պէտք է հասկնայ, որ ո՛չ եւրոպացիք, ո՛չ ալ ամերիկացիք Լիբանանին մէկ սենթ պիտի տան ու «Մայրիներու երկրի» միակ ապաւէնը Արաբական ծոցն է։ Ապահովութեան առումով իրանեան թեւին կարեւոր ներկայութիւնը եւ նիւթական առումով ալ՝ Արաբական ծոցինը։ Ասկէ առաջ ալ գրած եմ այս մասին, թէ Հարիրի հանդէս պիտի գայ համարկողի դերով, եւ իր երկու բաց ձեռքերը պարզէ դէպի Թեհրան ու դէպի Ռիատ։ Այլ կերպով ու կտրական խօսքերով կամ կեցուածքներով Հարիրի պիտի չկարողանայ իր դերը լաւ կատարել։ Ան նաեւ պէտք է հասկնայ (կարծեմ ատենն է), որ Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատը յաղթեց պատերազմին (հակառակ, որ ներքին պատերազմի պարագային յաղթել բառը սխալ է, սակայն Էսատի տոկունութիւնը եւ հաստատակամութիւնը տեղ մը եկան ցոյց տալ, թէ այս եւ յառաջիկայ փուլերուն ան անփոխարինելի է) եւ կը շարունակէ մնալ Լիբանանի կարեւոր հարեւանը, որուն ճամբով ալ կարելի պիտի ըլլայ Լիբանանի ուսերէն հանել սուրիացի հազարաւոր գաղթականներու դերը։

5.- Այս բոլորէն անդին ու կեդրոնանալով «դաւադրական տեսութեան» (ասիկա միշտ ալ կը շահարկուի, յաճախ անտեղի եւ անօգուտ կերպով) մօտեցումներուն՝ ըստ որոնց, բողոքի այս ալիքը Ամերիկայի ձեռագործն է, հոն եւս կայ կարեւոր ըսելիք, որն այն է, թէ ինչ ալ ըլլան հանգամանքները, Լիբանանի մէջ «իրանեան թեւ»ը՝ «Հիզպուլլահ»ը անկոտրելի է։ Այս մէկը շատ մեծ երջանկութեամբ չեմ ըսեր, այլ կ՚ըսեմ, որովհետեւ հաւատքի եւ նուիրուածութեան վրայ հիմնուած այս կազմակերպութիւնը (որուն հզօրացումը եղաւ քրիստոնեայ առաջնորդներու նեցուկով կամ ուրիշներու մեծ սխալներուն հետեւանքով) կը շարունակէ մնալ Լիբանանի անվտանգութեան հիմնական երաշխիքը։ Լիբանանցիք կրնայ ըլլալ չեն գիտեր այսքանը, կամ լիբանանցիներէն շատեր կ՚ատեն «Հիզպուլլահ»ը, որովհետեւ իրենցմէ կազմակերպուած եւ ուժեղ է, սակայն այդ բոլորը մէկ կողմ, որովհետեւ ինչպէս վերեւ նշեցի, «Հիզպուլլահ»ը եւ անոր առաջնորդը այսօր հանդէս կու գան նախ եւ առաջ Լիբանանի շահերուն ծառայողի դերով։ Կայ իրանեան ազդեցութիւնը, այո կայ իրանեան «թղթածրար»ը, սակայն կայ նաեւ Հասան Նասրալլայի խոհուն մօտեցումը, որ դրսեւորուեցաւ մասնաւորապէս իր վերջընթեր ճառին մէջ, որու ընթացքին ան կակուղ խօսքերով եւ վերաբերմունքով՝ մեծ բան զիջելով, կերպով մը ընդունեց երկրի ցուցարարներու բողոքելու արդար իրաւունքը եւ վերահաստատեց երկրին մէջ բարեկարգումներ կատարելու հարցը։ Վերադառնալով «դաւադրութեան տեսութեան», ինծի համար աւելի քան պարզ է, թէ եթէ նոյնիսկ ամերիկացիք այդպիսի խաղի մը մէջ մտած ըլլան, կամ աւելի ուշ մտնեն, անոնք տեղի պիտի տան... Տեղի պիտի տան, եթէ մտածեն, որ Լիբանանի մէջ քաոս ստեղծելով հանգիստ պիտի տան Իսրայէլին ու տեղի պիտի տան, եթէ կը մտածեն, որ «Հիզպուլլահ»ը «սատանայացնելով» պիտի կարողանան Իրանի հարցին առումով միաւորներ կուտակել, կամ ժամանակաւոր «երջանկութիւն» պարգեւել Ռիատին ու անոր իշխանութիւններուն։

«Հիզպուլլահ»ի հարցը անլուծելի չէ, բայց եւ այնպէս, այս ճանապարհով չէ։ «Հիզպուլլահ»ի ռազմական գործօնին լիբանանեան բանակին մէջ համարկման հարցը կարեւոր օրակարգ է, սակայն շրջանը հեռու է այդ ուղղութենէն ու ի՞նչ ակնկալել հաւատամքի վրայ կառուցուած զինեալ միաւորէ մը, որ ամէն օր սպառնալիքներ կը ստանայ Իսրայէլէն։

Ինչպէս վերը նշեցի, Լիբանանի անվտանգութեան երաշխիքը այսօր ալ «Հիզպուլլահ»ն է, որ պէտք է ըլլայ զուսպ եւ հեռու մնայ Արաբական ծոցի երկիրները մեղադրելու անտեղի յանկերգներէն։

Միայն այդ կերպով ու միայն Հարիրի-ԱՄՆ-Ռիատ եռեակի ներուժէն օգտուելով, նաեւ Դամասկոսի եւ Թեհրանի հետ հարկողի դերով հանդէս գալով «Հիզպուլլահ» մասնակից պիտի դառնայ երկիրը այս տագնապէն հանելու։ Որքան ալ ամերիկացիք այս կազմակերպութիւնը «ահաբեկչական» համարեն կամ պատիժներ տան, շատ լաւ գիտեն (մանաւանդ Սուրիոյ փորձէն մեկնելով), որ «Հիզպուլլահ»ի դերը անշրջանցելի է ու նոյնիսկ օգտակար՝ շրջանին մէջ խաղաղութիւն կերտելու, նաեւ իրական ահաբեկիչներու դէմ պայքար տանելու ուղղութեամբ։

Կարծեմ բաւական երկարեցի, սակայն այսքանը կարեւոր է հասկնալու համար, թէ ի՛նչ ուղղութիւններով կրնան Պէյրութի դէպքերը զարգանալ ու այդ առումով ալ քանի՛ կողմ, քանի՛ առաջնորդ եւ քանի խաղացող կարող են եւ կրնան դրական քայլեր առնելով երկիրը դուրս բերել ելեւմտական եւ տնտեսական մեծ գահավիժումէն, որմէ շատ ալ հեռու չէ Հայաստանի բարեկամ պետութիւն՝ Լիբանանը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2019