ԸՆԴԱՐՁԱԿ ՕՐԱԿԱՐԳ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան Պրաթիսլաւայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի՝ Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ գծով տեղակալ Ֆիլիփ Ռիքէրի հետ։ ԵԱՀԿ-ի 26-րդ նախարարական համաժողովի աշխատանքներու ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս տեսակցութիւնը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկկողմանի համագործակցութեան ընդարձակ օրակարգին։ Զօհրապ Մնացականեան եւ Ֆիլիփ Ռիքէր կարծիքներ փոխանակեցին հայ-ամերիկեան ռազմավարական երկխօսութեան շրջանակներէն ներս ապահովուած համաձայնութիւններու կատարման ընթացքին եւ ձեռնարկուելիք յառաջիկայ քայլերուն շուրջ։ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ յառաջ տարուող բարեփոխումներու համատեսքին մէջ Զօհրապ Մնացականեան բարձր գնահատեց ամերիկեան կողմի շարունակական աջակցութիւնը ի նպաստ շարք մը ծրագրերուն եւ նախաձեռնութիւններուն։

Մնացականեան եւ Ռիքէր կարծիքներ փոխանակեցին ԵԱՀԿ-ի նախարարական համաժողովի օրակարգային հարցերուն շուրջ։ Անոնք անդրադարձան նաեւ միջազգային եւ տարածքաշրջանային բնոյթով շարք մը հրատապ հարցերու։

Մնացականեան եւ Ռիքէր կանգ առին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու վերջին հանդիպման վրայ, որ տեղի ունեցաւ դեկտեմբերի 4-ին, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ։ Անոնք անդրադարձան նաեւ այդ տեսակցութեան յաջորդած համատեղ յայտարարութեան, որ հրապարակուեցաւ Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու Պրաթիսլաւայի ժողովին մասնակից պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն կողմէ։ Այս ամբողջին մէջ զրուցակիցները կարեւորեցին խաղաղութեան տեսակէտէ նպաստաւոր միջավայրի մը ձեւաւորումը, հրադադարի պահպանումն ու ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ ժողովուրդներու խաղաղութեան նախապատրաստման վերաբերեալ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրականացումը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2019