«ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄ»Ը ՄԻՇՏ ՀԵՏԱՄՈՒՏ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԻՆ

Հայաստանի ներքին քաղաքական փակուղին կը խորանայ մտահոգիչ ձեւով։ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր խմբաւորումը միշտ հետամուտ կը մնայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականին։ Իսկ այս վերջինը կը դիմադրէ ու կը ջանայ անդունդի եզրէն վերադարձնել իր կառավարութիւնը։ Իշխանութիւնը երկարաձգելու պայքարը եւ Հայաստանի կացութիւնը կայունացնելու, ապագան երաշխաւորելու որոնումները հետզհետէ աւելի սուր ձեւով կը հակադրուին իրարու ու կարելի չէ կանխատեսել, թէ մինչեւ ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս կրնայ շարունակուիլ այսպէս։ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի մէջ հայկական կողմին տանուլ տուած ըլլալու իրականութիւնը կը մնայ որպէս փաստ եւ ծանր հետեւանքներու երկար ժամանակի վրայ տարածուած ձեւով յաղթահարման համար աշխատանքի ձեռնարկելը, առանց ժամանակ կորսնցնելու այդ գործին սկսիլը պատմական հրամայական մըն է։ Թէեւ ամբողջ հայաշխարհը կը գիտակցի առերեւոյթ, սակայն գործնական փուլին անցնելու տեսակէտէ, առանց ցնցումի այս վտանգաւոր ընթացքին մէջ բեկում մը ապահովելու տեսակէտէ նոր իրադրութեան մը ստեղծուիլը հնարաւոր չ՚ըլլար։

Ինչպէս կը պատահի օրերէ ի վեր, երկրի օրակարգը կը բնորոշեն մայրաքաղաք Երեւանի կեդրոնի եւ այլ քաղաքներու հանրահաւաքները, բողոքի ցոյցերն ու երթերը, զանգուածային հակազդեցութեան ու պոռթկումին բազմաթիւ դրսեւորումները։ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը իրերայաջորդ բողոքի ցոյցեր կը կազմակերպէ «Առանց Նիկոլի Հայաստան» կարգախօսով։ Երէկ, Հայաստանի Ազգային ժողովի շէնքին առջեւ տեղի ունեցաւ մեծ հանրահաւաք մը՝ հոծ բազմութեան մը մասնակցութեամբ։ Իսկ այս առաւօտ բողոքի ցոյցերը շարունակուեցան կառավարութեան շէնքին դիմաց եւ ամբողջ շրջակայքին։ Բաղրամեան պողոտային վրայ երէկ կուտակուած բազմութեան նմանը այս առաւօտ հաւաքուեցաւ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ։ Տիգրան Մեծի պողոտայի երթեւեկութիւնը ընդհատուեցաւ։ Ոստիկանութիւնը ամբողջութեամբ վերահսկողութեան տակ առաւ կառավարութեան շէնքը, միջամտեց ցուցարարներուն, որոնցմէ շատեր ձերբակալուեցան։ Թէ՛ երէկ եւ թէ այս առաւօտ ցուցարարները բողոք յայտնեցին կարմիր քարտեր ցոյց տալով Նիկոլ Փաշինեանի դէմ։ Ամբողջ Հայաստանի մէջ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով ծնունդ առած շարժումը կը ծաւալի թափով։ Ընդդիմութեան աղբիւրներու տրամադրած վիճակագրական տուեալներով, երկրի 6 մարզերու 29 համայնքներ եւ 203 բնակավայրեր արդէն ձայն բարձրացուցած են իշխանափոխութեան համար։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, պետական մարմինները կը հետապնդեն վարչապետի հրաժարականի պահանջին միացած ինչպէս տեղական ինքնակառավարման մարմիններու պաշտօնատարները, այնպէս ալ գործարար աշխարհի ներկայացուցիչները։

Թէեւ լարուածութիւնը հետզհետէ կը մեծնայ եւ պաղարիւնութենէ հեռանալու վտանգն ալ կ՚աւելնայ, սակայն, հրաժարականի պահանջը առաջին հերթին համակրանքի կամ հակակրանքի խնդիր մը չէ արդէն։ Սա Հայաստանին եւ Արցախին պատուհասած պատերազմական աղէտի տրամաբանական շարունակութիւնը պէտք է ըլլայ։

«Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի կողմէ վարչապետի թեկնածու առաջադրուած Վազգէն Մանուկեան երէկ շարունակեց իր յայտարարութիւնները։ Ան յայտարարեց, որ իրենց պայքարը ազգային է։ «Ազգային պայքար եղած է 200 տարի առաջ եւ 1000 տարի առաջ։ Այսօր ալ նոյնն է՝ օտարի միջոցաւ կոտրուած է մեր ամբողջ պետութիւնը։ Այն ինչ, որ կատարուեցաւ Արցախի հետ, նոյնը հիմա պիտի շարունակուի Հայաստանի հետ։ Մենք այս տարածքաշրջանի միակ անկախ պետութիւնն էինք, կը համարուէինք ամենահզօր բանակ ունեցողը։ Եկուքուկէս տարուան մէջ այդ ամէն ինչը ոչնչացաւ», ըսաւ Մանուկեան եւ աւելցուց, որ երկրէն ներս առկայ վիճակը երկար չի կրնար տեւել։ Որքան շարունակուի, այնքան աւելի կործանիչ պիտի ըլլայ այս կացութիւնը։ «Հիմա մենք ծունկի իջած ողորմութիւն կը խնդրենք այս ու այն տեղէն, դարձեալ ոտքի կանգնինք, երթանք առաջ, ես կը տեսնեմ յառաջիկային մենք ինչպէս դարձեալ հզօր պետութիւն պիտի դառնանք, արդար պետութիւն, բաւարարող իր քաղաքացիները», շարունակեց Մանուկեան։

Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեանն ալ երէկ ելոյթ մը ունեցաւ խորհրդարանէն ներս եւ յայտնեց, որ այն ուժերը, որոնք իր հրաժարականը կը պահանջեն, կ՚առաջարկեն ստեղծել անիշխանութիւն։ Ըստ Փաշինեանի, իր հրաժարականի պահանջը կը նշանակէ ժողովուրդը դուրս թողել գործընթացէն։ «Ես կ՚ըսեմ՝ ժողովուրդի անունով կրնայ խօսիլ ժողովուրդը։ Եւ ինձ համար տարօրինակ է, որ չ՚առաջարկուիր աներկբայ եւ միա-նըշանակ այնպիսի դրութիւն մը, ուր ժողովուրդը խօսելու հնարաւորութիւն կ՚ունենայ», նշեց ան։

Մինչ այդ, երկրի մատնուած փակուղիի մթնոլորտին մէջ զանազան հարթութիւններու վրայ քննարկումներն ու խորհրդակցութիւններն ալ կը շարունակուին։ Այս ծիրին մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այս առաւօտ հանդիպում մը ունեցաւ երկրի նախկին նախագահներէն Ռոպերթ Քոչարեանի հետ։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու, քննարկուեցաւ երկրէն ներս ստեղծուած կացութիւնը։ Արմէն Սարգսեան նախընթաց օր ալ տեսակցած էր երկրի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2020