ԵՐԵՔ ԳԵՐԻԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁ

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները  հաղորդեցին, որ երէկ Ատրպէյճանի կողմէ հայկական կողմին վերադարձուած է երեք հայ գերի։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, անոնք օդային ճամբով վերադարձած են Երեւան եւ զիրենք փոխադրող օդանաւը վայրէջք կատարած է «Զուարթնոց» օդակայան։ Խօսքը կը վերաբերի երեք քաղաքացիական անձի։ Պաշտօնական աղբիւրները հրաժարեցան անոնց անունները հրապարակելէ։ Գերիներու վերադարձը տեղի ունեցած է Ռուսաստանի միջնորդութեամբ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2020