ԹԵՀՐԱՆ ԵՒ ՊԱՔՈՒ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԵՆ ՀԱՄԱՏԵՂ ԾՐԱԳՐԵՐ ԿԵԱՆՔԻ ԿՈՉԵԼՈՒ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով երէկ Թեհրանի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի եւ Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Հասան Ռուհանի եւ Ճէյհուն Պայրամով անդրադարձան Ռեշտ-Աստարա երկաթուղիի արագ շինարարութեան կարեւորութեան։ Սա պիտի դառնայ Հիւսիս-հարաւ միջազգային փոխադրութեան միջանցքի մասերէն մին։ Պաքուի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Իրանի եւ Ատրպէյճանի սահմանը հռչակուած է բարեկամութեան եւ տնտեսական զարգացման սահման։ Կողմերը նշեցին, որ Ատրպէյճանի տարածքներու ազատագրումն ու սահմաններու վերականգնումը համատեղ նոր ծրագրերու հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ երկու երկիրներուն տեսակէտէ։

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կապակցութեամբ Իրանի դիրքորոշման՝ Հասան Ռուհանի գոհունակութիւն յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պատերազմը աւարտած է։ Թեհրան պատրաստ է օգնել Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ հրադադարի ամրապնդման եւ տարածքաշրջանէ ներս իրավիճակի կայունացման։ Ռուհանի Ատրպէյճանի եւ Իրանի յարաբերութիւնները որակեց եղբայրական։ Ան մատնանշեց Իրանի կամքը Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները զարգացնելու ուղղութեամբ։ Ռուհանի յոյս յայտնեց օգտագործել այս հնարաւորութիւնը նոր միջազգային պայմաններ ստեղծելու եւ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները ապագային խորացնելու համար։

Ճեւատ Զարիֆի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումէն վերջ ալ Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ հանդէս եկաւ բացատրութիւններով։ Ըստ իրեն, Թեհրան կ՚ընդգծէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցին մէջ քաղաքական միջոցներով մշտական կարգաւորման հասնելու անհրաժեշտութիւնը։ Նախարարները Թեհրանի մէջ կարծիքներ փոխանակած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան, տարածքաշրջանային հարցերու եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու շուրջ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2020