ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը պատրաստուին այցելել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։ Մօտաւոր անցեալի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած, 9 նոյեմբերին ստորագրուած հրադադարի համաձայնութենէն վերջ առաջին անգամ միջնորդները պիտի այցելեն հակամարտութեան տարածքաշրջան։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, եռանախագահներու՝ դէպի Երեւան եւ Պաքու այցելութիւնը նախատեսուած է շաբաթավերջին։

Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի պայմաններուն ներքեւ արդէն լրջօրէն կը հարցաքննուի համանախագահութեան դերակատարութիւնը։ Արդարեւ, Մոսկուա գրեթէ առանձին ապահոված է հրադադարը՝ համագործակցելով Անգարայի հետ։ Ուաշինկթըն եւ Փարիզ նոյնիսկ յետպատերազմեան իրավիճակին մէջ անհանգստութիւն արտայայտած են այս կապակցութեամբ։ Ռուսական կողմը թէեւ համանախագահութեան ձեւաչափին նկատմամբ իր ընծայած կարեւորութիւնը վերահաստատած է, սակայն գործնական գետնի վրայ սա ոչինչ կը փոխէ՝ գոնէ այժմու պայմաններով։ Կարգ մը վերլուծաբաններ նոյնիսկ հաւանական կը նկատեն եռանախագահութեան կազմին մէջ փոփոխութիւն կատարելը՝ մասնաւորապէս շեշտելով, որ իրադարձութիւններու ընթացքին վրայ ազդելու տեսանկիւնէն շատ սահմանափակուած են Ֆրանսայի հնարաւորութիւնները։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2020