ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ ՏԵՂԻ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ՏՈՂԱՆՑՔ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ օրուան երկրորդ կէսին մեկնեցաւ Պաքու՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրաւէրին ընդառաջ։ Պաքու հասնելէ վերջ երեկոյեան ժամերուն իրեն բարի գալուստ մաղթեց Իլհամ Ալիեւ։ Նախագահ Էրտողան Պաքուի մէջ այսօր կը մասնակցի Ատրպէյճանի բանակի յաղթանակի տողանցքին, որ նախատեսուած է Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին ժամանակ արձանագրուած յաջողութեամբ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան-Ալիեւ հանդիպման ընթացքին ալ օրակարգի վրայ կու գայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի այժմու՝ յետպատերազմեան կացութիւնը։ Հանրապետութեան նախագահը յայտնեց, որ Թուրքիա եղած է ու կը մնայ Ատրպէյճանի կողքին։ Ըստ իրեն, Թուրքիա կը խոստանայ նաեւ աջակցիլ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներու վերակառուցման ու զարգացման։

Նախապէս Իլհամ Ալիեւ եւս յայտնած էր, որ այս ուղղութեամբ իր երկիրը արդէն իսկ շարք մը պայմանագրեր կնքած է թրքական ընկերութիւններու հետ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2020