«Աւրորա»ի հետազօտութեան արդիւնքները

«Աւ­րո­րա» մար­դա­սի­րա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը 2016 թուա­կա­նին ի­րա­կա­նա­ցու­ցած է հան­րա­յին կար­ծի­քի հե­տա­զօ­տու­թիւն մը՝ պար­զե­լու հա­մար «Աւ­րո­րա» մրցա­նա­կի, հա­յե­րու եւ Հա­յաս­տա­նի մա­սին աշ­խար­հի ի­րա­զե­կու­թեան մա­կար­դա­կը:

Հե­տա­զօ­տու­թիւ­նը ի­րա­կա­նա­ցուած է եր­կու փու­լով՝ 2016 թուա­կա­նի Մարտ եւ Յու­նիս-Յու­լիս ա­միս­նե­րուն, ո­րոնց ընդ­հա­նուր առ­մամբ մաս­նակ­ցած է ա­ւե­լի քան 5500 մարդ: Հար­ցու­մը ուղ­ղուած է տասն երկ­րի մէջ բնա­կող օ­տա­րերկ­րա­ցի­նե­րու եւ սփիւռ­քա­հա­յե­րու:

«Աւ­րո­րա» մար­դա­սի­րա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեան հան­րա­յին կար­ծի­քի հե­տա­զօ­տու­թիւ­նը ի­րա­կա­նա­ցուած է հինգ հիմ­նա­կան չա­փու­մով՝ «Աւ­րո­րա» մրցա­նակ, ի­րա­զե­կուա­ծու­թիւն, ըն­կա­լում, հե­տաքրք­րուա­ծու­թիւն, ներգ­րա­ւուա­ծու­թիւն:

Հար­ցուած սփիւռ­քա­հա­յե­րուն 41 առ հա­րիւր տո­կո­սը գի­տէ հա­յոց պատ­մու­թիւն: Հա­յաս­տան երկ­րի մա­սին լաւ տե­ղե­կա­ցուած է հար­ցուած­նե­րուն 20 առ հա­րիւ­րը, քիչ տե­ղե­կա­ցուած է 62 առ հա­րիւ­րը, իսկ 18 առ հա­րիւ­րը տե­ղեակ չէ:

Հար­ցախոյզի մասնակցողներուն 7 առ հա­րիւ­րը կը կար­ծէ, որ հա­յե­րը կա­րե­ւոր դեր ու­նին պե­տա­կան հա­մա­կար­գի մէջ, 23 առ հա­րիւ­րի կար­ծի­քով՝ հա­յե­րը կա­րե­ւոր դեր ու­նին տե­ղա­կան մա­կար­դա­կի վրայ, 23 առ հա­րիւ­րի կար­ծի­քով՝ հա­յե­րը սահ­մա­նա­փակ դեր ու­նին:

Հայ հա­մայն­քը մտա­ւոր-մշա­կու­թա­յին ազ­դե­ցու­թիւն ու­նի 42 տո­կո­սի կար­ծի­քով, հա­սա­րա­կա­կան ազ­դե­ցու­թիւն ու­նի 37 տո­կո­սի կար­ծի­քով, բա­րո­յա­կան-քա­ղա­քակր­թա­կան՝ 36 առ հա­րիւ­րի կար­ծի­քով:

Հար­ցախոյզի մասնակիցներուն 8 տո­կո­սը գի­տէ 10 եւ ա­ւե­լի հայ, 25 տո­կո­սը գի­տէ 1-9 հայ, 67 տո­կո­սը ոչ մէկ հայ կը ճանչ­նայ:

Հար­ցուած­նե­րուն 48 տո­կո­սին հա­մար Հա­յաս­տա­նը հե­տաքրք­րա­կան է իբ­րեւ եր­կիր, 31 առ հա­րիւ­րի հա­մար հե­տաքրք­րա­կան է իբ­րեւ ճամ­բոր­դա­կան ուղ­ղու­թիւն, 20 առ հա­րիւ­րը Հա­յաս­տա­նի մէջ կը տես­նէ գոր­ծա­րա­րու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւն:

7 օ­տա­րերկ­րա­ցի­նե­րէ 1-ը հա­ւա­նա­բար այ­ցե­լէ Հա­յաս­տան, 2 սփիւռ­քա­հա­յէն մէ­կը հա­ւա­նա­բար այ­ցե­լէ Հա­յաս­տան:

Հար­ցուած­նե­րուն մէջ հա­յե­րը կը բնու­թագ­րուին յատ­կա­պէս իբ­րեւ հպարտ (20 առ հա­րիւր), ըն­կե­րա­կան (16 առ հա­րիւր), յար­գա­լից (15 առ հա­րիւր), չընկ­ճուող (12 առ հա­րիւր), խի­զախ (12 առ հա­րիւր), լաւ ըն­դե­լու­զուող (11 առ հա­րիւր):

Չորեքշաբթի, Յունուար 11, 2017