Երեւանի Մէջ Պիտի Նշուի Չինական Նոր Տարին

Յու­նուա­րի 14-ին, Ե­րեա­նի Ա­լեք­սանտր Սպեն­դիա­րեա­նի ա­նուան օ­փե­րա­յի եւ պա­լէի ազ­գա­յին ա­կա­դե­մա­կան թատ­րո­նին մէջ, չի­նա­կան Նոր տա­րուան ա­ռի­թով, տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Կան­սիւ նա­հան­գի եր­գի-պա­րի հա­մոյ­թի «Մե­տաք­սի ճա­նա­պարհ եւ ծա­ղիկ­նե­րու անձ­րեւ» խո­րագ­րով հա­մեր­գը: Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան հա­սա­րա­կու­թեան հետ կա­պե­րու բաժ­նէն փո­խան­ցուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով՝ հա­մեր­գը կ՚ի­րա­կա­նա­ցուի Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի ու Չի­նաս­տա­նի Ժո­ղովր­դա­կան Հան­րա­պե­տու­թեան Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րու եւ Հա­յաս­տա­նի մօտ Չի­նաս­տա­նի Ժո­ղովր­դա­կան Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ։

Հա­մեր­գը պի­տի նուի­րուի Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան եւ Չի­նաս­տա­նի Ժո­ղովր­դա­կան Հան­րա­պե­տու­թեան մի­ջեւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հաս­տատ­ման 25-ա­մեա­կին:

Կան­սիւ նա­հան­գի եր­գի-պա­րի հա­մեր­գը հիմ­նադ­րուած է 1961 թուա­կա­նին եւ կը ներ­կա­յաց­նէ Տուն­հուան քա­ղա­քի ա­րուես­տը, սո­վո­րոյթ­նե­րը եւ Մե­տաք­սի ճա­նա­պար­հի ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րը: Հա­մեր­գա­յին ծրագ­րին ըն­թաց­քին պի­տի ներ­կա­յա­ցուին պա­րա­յին ներ­կա­յա­ցում­ներ, ե­րաժշ­տա­կան, գոր­ծի­քա­յին կա­տա­րում­ներ:

Չորեքշաբթի, Յունուար 11, 2017