ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՄԵԿՆԱԲԱՆԵՑ ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐԸ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­մար մեկ­նա­բա­նեց ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն կող­մէ կա­տա­րուած վեր­ջին հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը նա­խըն­թաց օր հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը հան­դէս ե­կած էին Դեկ­տեմ­բե­րի 29-ին Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան սահ­մա­նին վրայ պա­տա­հած բա­խում­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ըստ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի, երբ ա­զէ­րի յար­ձա­կող զի­նուո­րը կը վնա­սա­զեր­ծուի հայ­կա­կան դիր­քե­րու մէջ, ա­պա պարզ է, թէ ով ե­ղած է յար­ձա­կո­ղը։ «Հա­յաս­տան կը յու­սայ, որ ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րը հե­տե­ւո­ղա­կան պի­տի ըլ­լան՝ ան­յա­պաղ խստօ­րէն ար­ձա­գան­գե­լու հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիէն ներս ու­ժի կամ ու­ժի սպառ­նա­լի­քի իւ­րա­քան­չիւր դրսե­ւոր­ման՝ յատ­կա­պէս, երբ հրա­դա­դա­րի խախտ­ման հե­տե­ւան­քով զո­հեր կ՚ըլ­լան։ Պէտք չէ թոյլ տալ, որ ու­շա­ցած ար­ձա­գան­գը խախ­տում­ներ ի­րա­կա­նաց­նո­ղի կող­մէ ըն­կա­լ­ուի, թէ իր գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կրնան հան­դուր­ժուիլ», ը­սաւ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան։

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ Նալ­պան­տեան ը­սաւ նաեւ հե­տե­ւեա­լը. «Հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը կ՚անդ­րա­դառ­նան այն բա­նին, ո­րու մա­սին մենք մշտա­պէս հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն կը բարձ­րա­ձայ­նենք։ Ա­նոնց հետ հա­մա­ձայն ենք, որ հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րը ա­նըն­դու­նե­լի են։ Հա­մա­ձայն ենք, որ պէտք է ան­վե­րա­պա­հօ­րէն ի­րա­կա­նա­ցուին Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րը, նե­րա­ռեալ, ինչ­պէս կը նշեն հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը, հնա­րա­ւո­րինս կարճ ժա­մա­նա­կի մէջ դէպ­քե­րու հե­տաքն­նու­թեան դրու­թեան հաս­տա­տուի­լը։ Ե­ռա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րը բազ­միցս նշած են, թէ ո՛ր կող­մը կը մեր­ժէ այդ դրու­թեան հաս­տա­տուի­լը, հե­տե­ւա­բար, այդ իսկ կող­մին կը վի­ճա­կի դէպ­քե­րու եւ հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րու ամ­բողջ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը։ Նման դրու­թիւ­նը հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ըն­ձե­ռէ, ինչ­պէս հա­մա­նա­խա­գահ­ներն ալ կ՚ը­սեն, ձեր­բա­զա­տուիլ փո­խա­դարձ մե­ղադ­րանք­նե­րէ։ Թէեւ երբ ա­զէ­րի զի­նուո­րը կը վնա­սա­զեր­ծուի հայ­կա­կան դիր­քե­րու մէջ՝ բո­լո­րի հա­մար, ա­ռանց այդ դրու­թեան ալ պարզ է, թէ ով յար­ձա­կած է»։

­Նալ­պան­տեա­նի յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ ընդգ­ծուե­ցաւ նաեւ, որ հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը կը մնան այն ե­զա­կի ձե­ւա­չա­փը, որ իր լիա­զօ­րու­թեան հա­մա­ձայն կրնայ ու պէտք է շա­րու­նա­կէ կան­խար­գե­լիչ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Ինչ­պէս ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը շեշ­տած են բազ­միցս՝ 1994-1995 թուա­կան­նե­րու հրա­դա­դա­րի ե­ռա­կող­մա­նի հա­մա­ձայ­նագ­րե­րու ան­վե­րա­պահ կա­տա­րու­մը պար­տա­դիր է։ Ա­նոնց խախ­տում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով ար­ձա­նագ­րուած դէպ­քե­րը ա­նըն­դու­նե­լի են ու լուրջ վնաս կը հասց­նեն կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին։

Չորեքշաբթի, Յունուար 11, 2017