ԳՐՔԻ ԾԱՆՕԹԱՑՈՒՄ

Երէկ երեկոյեան, Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ շահեկան ասուլիս մը, որու ընթացքին արծարծուեցան մեր համայնքի երիտասարդութեան վերաբերեալ հրատապ նիւթեր։ Խորքին մէջ, գրքի ծանօթացման հաւաքոյթ մըն էր այս մէկը, զոր վարեց Սեւան Աթաօղլու։ Ներկայ էր նաեւ Կեդրոնական սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Գէորգ Սիմքէշեան։ Հետաքրքիրներու կոկիկ մասնակցութիւնով տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որու ընթացքին արդիւնաւէտ քննարկում ծաւալուեցաւ, նոր սերունդի վերաբերեալ նիւթերու առընչութեամբ։

Ինչպէս հաղորդած էինք, «Լիպրա» գրատուն-հրատարակչատունը վերջերս լոյս ընծայեց գիրք մը, որու բովանդակութիւնը ուղղակիօրէն կը վերաբերի մեր համայնքին։ Թրքերէն այս գիրքը կը կոչուի՝ «Որոնումներու մէջ սերունդ մը. Մերօրեայ Իսթանպուլի մէջ հայկական լիսէէ շրջանաւարտ երիտասարդներ» (Arayış İçinde Bir Kuşak: Günümüz İstanbul’unda Ermeni Lisesi Mezunu Gençler)։ Այս գիրքը պատրաստուած է Հաքան Եիւճէլի եւ Ումուր Ետիքարտէշի ուսումնասիրութիւններու հիման վրայ։ Երէկուան ասուլիսի ընթացքին հեղինակները մանրամասնութիւններ ներկայացուցին իրենց տարած ուսումնասիրական աշխատանքին եւ գիրքի պատրաստութեան ժամանակ որդեգրուած մօտեցումներուն շուրջ։ Երեկոյթի մթնոլորտին ալ ընձեռած յարմարութեամբ ստեղծուեցաւ անմիջական զրոյցի, կարծիքի փոխանակումներու միջավայր մը։

2016-2017 շրջանին Իսթանպուլի մէջ տեսակցութիւններ տեղի ունեցած են 18-30 տարեկան այնպիսի երիտասարդներու հետ, որոնք ուսանած են հայկական վարժարաններու մէջ եւ մեծցած՝ քաղաքի հայաբնակ թաղամասերէն ներս։ Այդ երիտասարդները հասակ առած են՝ հայկական հաւաքականութեան ինքնութեան հետամուտ առաջնորդող կերպարներու հետեւելով։ Անոնք, միեւնոյն ժամանակ, վկայութիւն բերած են շարք մը կարեւոր իրադարձութիւններու, որոնք ուղղակիօրէն կրնան պայմանաւորել իրենց ինքնութիւնը։ Հեղինակները գիրքը պատրաստած են այդ տեսակցութիւններու հիման վրայ ու շեշտած են, որ խօսքը կը թողուն քաղաքի երիտասարդներուն։ Գիրքի կողքի ձեւաւորումը կատարուած է Ճեւտէտ Մեհմէտ Քէօսէմէնի կողմէ։

Երէկուան ձեռնարկին ժամանակ փափաքողներ կարողացան ապահովել գիրքը։ Սա այս գործին վերաբերեալ առաջին հրապարակային հաւաքոյթն էր։ Աշխատութիւնը, առաջին հերթին, կարեւորութիւն կը ներկայացնէ այն առումով, որ թրքահայ երիտասարդութեան վերաբերեալ խնդիրները կը դիտարկուին արտաքին աչքով մը, գիտական պրիսմակէ։

Շաբաթ, Յունուար 11, 2020