ԴՐԱԿԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔ

Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան աւարտեց իր երկօրեայ շփումները Անգարայի մէջ եւ վերադարձաւ քաղաքս։ Ինչպէս հաղորդած էինք, մայրաքաղաքի մէջ ան ունեցաւ բարձր մակարդակի վրայ շփումներ։ Ուղեւորութեան վերջին փուլին Զեքիեան Գերապայծառ հանդիպեցաւ Թուրքիոյ Կրօնից տեսուչ Ալի Էրպաշի հետ։

Անգարայի մէջ նախատեսուած էր նաեւ Զեքիեան Գերապայծառի հանդիպումը Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփի հետ, բայց եւ այնպէս խորհրդարանի նախագահի ծրագրի անակնկալ փոփոխութեան պատճառով այդ հանդիպումը երէկ իրականացաւ Իսթանպուլի մէջ։ Հանրապետութեան նախագահութեան Եըլտըզի գրասենեակէն ներս Մուսթաֆա Շենթոփ ընդունեց Զեքիեան Գերապայծառը, որուն ընկերացան Հայր Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆըրատեան, Ս. Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութենէն Ժիլպէռ Անան եւ Հասարակութեան հետ յարաբերութիւններու պատասխանատու Թալին Էրկիւնէշ-Կազէր։ Զրոյցը ընթացաւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Զեքիեան Գերապայծառ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ Մուսթաֆա Շենթոփ նախանձախնդրութիւն կը ցուցաբերէր՝ նոր օրէնսդրական շրջաններու բացման արարողութիւններուն հրաւիրելով զինքը։

Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի վերջին օրերու հանդիպումներուն ընթացքին ընդհանրապէս դրական վերաբերմունք ցուցաբերուած է իր կողմէ արծարծուած նիւթերուն նկատմամբ։

Շաբաթ, Յունուար 11, 2020