ՓՈՒԹԻՆ ԱՅՍՕՐ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ԿԸ ՄԷԿՏԵՂԷ ՓԱՇԻՆԵԱՆԸ ԵՒ ԱԼԻԵՒԸ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի տանտիրութեամբ եւ մասնակցութեամբ Մոսկուայի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը։ Նիկոլ Փաշինեան այս առթիւ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա, ուր եռակողմանի հանդիպման առընթեր նախատեսուած է իր առանձնազրոյցը Վլատիմիր Փութինի հետ։ Արցախի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութենէն ի վեր առաջին անգամ այսպէսով կը մէկտեղուին այդ համաձայնութեան տակ ստորագրութիւն դրած երեք երկիրները։ Այս ձեւաչափով առաջին հանդիպումն է հրադադարի պայմաններուն ներքեւ. բան մը, որու կը սպասուէր որոշ ժամանակէ ի վեր։

Փութին-Փաշինեան-Ալիեւ եռակողմանի հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ իսկապէս շատ լարուած իրավիճակի մը մէջ։ Հրադադարի հաստատումէն եւ Արցախի զգալի մասի Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցնելէն վերջ զանգուածային լրատուութեան միջոցներով Իլհամ Ալիեւ իսկապէս շատ արհամարհական եւ նուաստացուցիչ արտայայտութիւններ ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի հասցէին։ Այս տեսակէտէ երկու ղեկավարներու դէմ առ դէմ հանդիպման կը սպասուի հետաքրքրութեամբ։ Վստահաբար երկու ղեկավարներուն համար ալ հաճելի հանդիպում մը պիտի չըլլայ այս մէկը՝ մանաւանդ Նիկոլ Փաշինեանի տեսակէտէ, որ Հայաստանի կրած ծանր կորուստներուն հետեւանքով արդէն գահընկէց ըլլալու եզրին հասած է։ Հայաստանի մէջ ծնունդ առած ծանր տագնապէն անկախ ձեւով պատկերացնել կարելի չէ, բնականաբար, այս օրուան հանդիպումը, որու ընդառաջ զանազան մտահոգիչ հաւանականութիւններով ահազանգ հնչեցուց Հայաստանի ընդդիմութիւնը։ Կառավարութեան աղբիւրները մինչեւ վերջին պահը ո՛չ հաստատեցին, ո՛չ ալ հերքեցին Մոսկուայի այս օրուան տեսակցութիւնը։ Շաբաթավերջին, հազիւ մետասաներորդ պահուն Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները հաստատեցին Մոսկուայի այս օրուան եռակողմանի հանդիպումը, որուն կը մասնակցի նաեւ Փաշինեան։

Մոսկուայի այս օրուան տեսակցութիւնը, ըստ էութեան, ունի յստակ օրակարգ մը, որ համաձայնեցուած է կողմերուն միջեւ։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յետպատերազմեան իրավիճակի պայմաններով սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքներ յառաջ կը տարուին։ Այս ամբողջին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան բուն տարածքներուն ի հաշիւ որոշ նորութիւններ տեղի կ՚ունենան եւ կառավարութիւնը շատ յաճախ անբաւարար կը մնայ այդ բոլորը կանխելու։ Ուստի, Նիկոլ Փաշինեան այս օրուան Մոսկուայի հանդիպման կը մասնակցի ենթարկուած ըլլալով խիստ կասկածներու՝ Հայաստանի ազգային գերագոյն շահերը պաշտպանելու կարողութիւններուն եւ կամքին տեսակէտէ։

Մոսկուայի այս օրուան գագաթաժողովին ընդառաջ, շաբաթավերջին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Այս առթիւ դատապարտուեցաւ հայ ռազմագերիներու դէմ Ատրպէյճանի մէջ նախաձեռնուած քրէական հետապնդումը։ Նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ այդ գործողութիւնները միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտումներ կը համարուին։ Միեւնոյն ժամանակ, յիշեցուեցաւ, որ պատերազմական յանցագործութիւնները վաղեմութեան ժամկէտ չունին եւ զանոնք իրականացնողները պէտք է ենթարկուին պատասխանատուութեան։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ Ատրպէյճան հայ ռազմագերիները որպէս պատանդ կ՚օգտագործէ՝ իր քաղաքական օրակարգը յառաջ մղելու նպատակով։ Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ մատնանշուած է նաեւ, որ Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի եռակողմանի համաձայնութեան կրկնուող եւ միտումնաւոր խախտումները լրջօրէն կը վտանգեն այդ յայտարարութեան լիարժէք իրագործումը եւ կը ստեղծեն նոր մարտահրաւէրներ տարածքաշրջանի անվտանգութեան եւ խաղաղութեան համար։

Մոսկուայի այս օրուան եռակողմանի հանդիպման ընդառաջ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի բանբերը՝ Մանէ Գէորգեան, որ գը-րառում մը կատարեց ընկերային ցանցերու վրայ։ Այսպէս, ըստ բանբերին, հաւանական է, որ Մոսկուայի այս օրուայ եռակողմանի հանդիպման աւարտին համատեղ յայտարարութիւն մը ստորագրուի։ Մանէ Գէորգեան տեղեկացուց, որ այս օրուայ հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան տնտեսական զանազան նիւթեր, ինչպէս նաեւ գերիներու փոխանակման, կորսուածներու հարցին շուրջ հաւանական համաձայնութիւններ։ Ըստ Գէորգեանի, եռակողմանի հանդիպման նախապէս ծրագրաւորուած օրակարգը ունի տնտեսական բնոյթ։ Սա կը վերաբերի տարածքաշրջանէ ներս հաղորդակցութիւններու բացման, միջազգային բեռնափոխադրումներու իրականացման՝ ներառեալ Հայաստանէն դէպի Ռուսաստան եւ Իրան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կեդրոնական հատուածներէն Նախիջեւանի երկաթուղիով դէպի Սիւնիքի մարզ։ «Ատրպէյճան եւ հայկական որոշ շրջանակներ անընդհատ շրջանառութեան մէջ կը դնեն, այսպէս կոչուած «Մեղրիի միջանցք»ի նիւթը, սակայն, ինչպէս բազմիցս նշուած է, նոյեմբերի 9-ի եռակողմանի յայտարարութեան մէջ չկայ ո՛չ Մեղրիի, ո՛չ ալ Հայաստանի տարածքով միջանցք ստեղծելու մասին որեւէ դրոյթ», նշուած է Գէորգեանի յայտարարութեան մէջ։ Բաց աստի, բանբերը դիտել տուած է, որ հայկական կողմին համար անկիւնաքարային եւ սկզբունքային է գերիներու վերադարձի, ատրպէյճանցիներու թիկունքին մնացած հայ զինուորներու որոնողափրկարարական աշխատանքներու, զոհուածներու մարմիններու յայտնաբերման, կորսուածներու ճակատագիրը պարզելու խնդիրները։ «Առանց այս հարցերու լուծման կամ էական յառաջընթացի, չափազանց դժուար կ՚ըլլայ տնտեսական օրակարգի քննարկումը եւ հայկական կողմը այս խնդրի քննարկումը կը համարէ Մոսկուայի հանդիպման առանցքային նիւթերէն մին», եզրափակած է վարչապետին բանբերը իր յայտարարութիւնը։

Մոսկուայի եռակողմանի հանդիպման ընդառաջ շաբաթավերջին Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան եւ Ատրպէյճանի Անվտանգութեան պետական ծառայութեան տնօրէններուն միջեւ տեղի ունեցաւ հերթական հանդիպումը։ Անոնք մօտաւոր անցեալին նախ իրենց առաջին հանդիպումը ունեցած էին Մոսկուայի մէջ։ Ապա, քանի մը օր առաջ, հետախուզութեան ծառայութիւններու ղեկավարներ Երասխի մէջ տեսակցութիւն մը ունեցած էին։ Իսկ շաբաթավերջին հաղորդուեցաւ, որ երկու հետախուզական ծառայութիւններու տնօրէնները այս անգամ Հայաստանի Սիւնիքի մարզի Գորիս համայնքի Որոտան եւ Շուրնուխ բնակավայրերու տարածքէն ներս ունեցած են իրենց հերթական տեսակցութիւնը։ Քննարկուած են գերիներու փոխանակման եւ կորսուածներու որոնողական աշխատանքներուն վերաբերեալ հարցեր։ Հետախուզական ծառայութիւններու տնօրէններուն հանդիպման վայրը յատկանշական է, որովհետեւ մասնաւորապէս այդ բնակավայրերու պարագային Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզի տարածքներէն կորուստներ խնդրոյ առարկայ կը դառնան եւ այս կապակցութեամբ Հայաստանի միացեալ ընդդիմութիւնը ահազանգ կը հնչեցնէ։ Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ղեկավարներն ալ կը միանան այդ ահազանգներուն  եւ խստիւ քննադատութեան կ՚ենթարկուին Փաշինեանի իշխանութիւնները։

«Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի կողմէ վարչապետի միասնական թեկնածու առաջադրուած Վազգէն Մանուկեանն ալ Մոսկուայի այս օրուան եռակողմանի հանդիպման ընդառաջ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ըստ Վազգէն Մանուկեանի, Նիկոլ Փաշինեան չի ներկայացներ Հայաստանը եւ Արցախը։ «Մեր շահերու դէմ ընդունուելիք որեւէ որոշում պիտի ճանչցուի ապօրինի, պիտի մերժուի հայ ժողովուրդի կողմէ եւ պիտի չեղարկուի իշխանափոխութենէն վերջ», յայտարարեց Վազգէն Մանուկեան։

Մոսկուայի այս օրուան հանդիպման կապակցութեամբ ռուսական պաշտօնական աղբիւրներն ալ հանդէս եկան յայտարարութիւններով։ Քրեմլինի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Փութին-Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպման ժամանակ օրակարգի վրայ կու գայ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան կատարման ընթացքը։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, յատուկ ուշադրութիւն կը ցուցաբերուի ռազմական գործողութիւններէ տուժած շրջաններու բնակիչներուն օգնութեան տրամադրումը, ինչպէս նաեւ առեւտրատնտեսական եւ փոխադրութեան կապերու զարգացման նկատմամբ։ Կը նախատեսուի, որ ղեկավարները անդրադառնան տարածքաշրջանի առկայ խնդիրներու լուծման ուղղեալ ապագայ քայլերու։

Փաշինեանն ու Ալիեւը այսօր Մոսկուայի մէջ հիւրընկալելու ընդառաջ Փութին հեռավար խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամներուն հետ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Կը հաղորդուի, որ այդ խորհրդակցութեան մասնակցեցան Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ, Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու, Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան տնօրէն Ալեքսանտր Պորթնիքով եւ Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան ղեկավար Սերկէյ Նարիշքին։

Բաց աստի, Մոսկուայի այս օրուան հանդիպումէն առաջ Վլատիմիր Փութին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։ Մոսկուայի աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները հեռաձայնի վրայ քննարկեցին այս օրուան եռակողմանի տեսակցութեան մասին հանգամանքներ, ինչպէս նաեւ հրադադարի համաձայնութեան կատարման ընթացքը։ Անոնք կանգ առին նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու գործողութիւններու համակարգման վրայ։

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2021