ԹԻՐԱԽԱՒՈՐՈՒԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ՝ Հայաստանի սահմանին վրայ կազմակերպուած համատեղ ռազմափորձերը արդէն կը հասնին իրենց աւարտին։ «Ձմեռ 2021» կոչուած զօրավարժութիւնները, որոնք ներկայ ամսուայ սկիզբէն ի վեր ընթացքի մէջ են, թիրախաւորուած աշխատանքի առիթ հանդիսացած են։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, ռազմափորձերու ծիրէն ներս կատարուած աշխատանքներու արդիւնքները եղած են գոհացուցիչ ու բաւարար։ Խիստ կլիմայի եւ այլ ծայրայեղ հաւանական պայմաններու վարկածներով փորձարկուած են զօրքերու ռազմական ընդունակութիւնները։ Ընդհանուր առմամբ ռազմափորձերը ծառայած են նախատեսուած նպատակներուն։

Վաղը արդէն զօրավարժութիւնները պիտի եզրափակուին։ Այս փուլը նախատեսուած է հանդիսաւոր ձեւով։ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար եւ բանակի վերնախաւը ներկայ պիտի գտնուին Կարսի մէջ կազմակերպուած այս ռազմափորձերուն։ Հուլուսի Աքարի հրաւէրին ընդառաջ՝ զօրավարժութիւններու եզրափակիչ փուլին մասնակցելու նպատակով Թուրքիա կ՚այցելէ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով, որուն կ՚ընկերանան շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։

Ազգային պաշտպանութեան նախարարութիւնը զանազան տեսանիւթեր հրապարակած է զօրավարժութիւններու ընթացքին շուրջ։ Այդ դրուագները կը ցոլացնեն ռազմափորձերուն ներգրաւուած հրասայլերն ու հրետանային ստորաբաժանումները, ռազմական ուղղաթիռները, ինչպէս նաեւ յատուկ ջոկատայիններու ստորաբաժանումները։ Պաշտօնական աղբիւրները մատնանշած են, որ ռազմափորձերու նպատակը եղած է համատեղ հաւանական գործողութիւններու ժամանակ համագործակցութեան ու համակարգման ապահովումը, սպառազինութեան եւ փոխադրամիջոցներու աշխատունակութեան ստուգումը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 11, 2021