ՈՒՇԱԴԻՐ ԲԱՆԱՁԵՒՈՒՄ

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ, երբ Հարաւային Կովկասի մէջ նոր իրադրութիւն մը կը ստեղծուի եւ տարածքաշրջանի հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հեռանկարները կ՚ուրուագծուին, օրակարգի վրայ եկած են նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ ակնկալութիւններ։ Անգարայի ղեկավարութիւնը ցայսօր այս կապակցութեամբ դրական ազդանշաններ տուած էր, սակայն, Երեւան այդպէս ալ չէր փոխադարձած։ Նոյնիսկ, Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան մօտաւոր անցեալին Մոսկուա կատարած այցելութեան ժամանակ վերապահ արտայայտութիւններ ունեցած էր այս կապակցութեամբ։ Յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ, երէկ, Երեւանէն առաջին անգամ դրական տեսակէտ մը հնչեց՝ Անգարայի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման շուրջ։ Նոյնպէս նախարար Արա Այվազեանի բերնէն հնչեցին այդ յայտարարութիւնները, որոնք բաւական ուշադիր բանաձեւումներով հիւսուած էին։ Այսպէս, նախարարին խօսքով՝ Թուրքիա այլեւս որեւէ պատճառ չունի Հայաստանի հետ սահմանը փակ պահելու համար։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս Արա Այվազեան երէկ պատասխանեց երեսփոխան Գոռ Գէորգեանի հարցումին։ Խորհրդարան-կառավարութիւն հարցում-պատասխանի ընթացքին Արա Այվազեան երեսփոխանի հարցման անդրադառնալով ըսաւ.

«Կը կարծեմ, թէ Թուրքիա միջազգային հանրութեան ճնշման ներքեւ հետզհետէ պէտք է վերադառնայ բնականոն գործընթացի, այլեւս պատճառ չկայ Հայաստանի դէմ շրջափակում կիրառելու։ Շրջափակումը պայմանաւորուած էր Արցախի կարգավիճակով, որ ուժի կիրառման միջոցաւ փոխուած է։ Այլեւս Թուրքիա որեւէ պատճառ չունի սահմանը փակ պահելու Հայաստանի հետ»։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Այվազեան ընդգծեց, որ կառավարութեան հիմնական նպատակն է ընել ամէն ինչ, որպէսզի Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ անվտանգային մթնոլորտը հետզհետէ ամրապնդուի։ «Սա դիւրին հարց մը չէ։ Բնականաբար, որպէս պետութիւն, հասարակութիւն՝ պէտք է ձգտինք բոլոր ջանքերը գործադրել, որպէսզի իրավիճակը երթայ դէպի լիցքաթափում։ Մեր դիւանագիտութիւնը աշխոյժ ջանքեր պիտի գործադրէ, որպէսզի մեր շուրջ նպաստաւոր մթնոլորտ մը ըլլայ Հայաստանի անվտանգութեան ամրապնդման համար», դիտել տուաւ նախարարը։

Արա Այվազեան Հայաստանի խորհրդարանի ամպիոնէն նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց Կարսի մէջ կազմակերպուած՝ Թուրքիա-Ատրպէյճան համատեղ ռազմափորձերուն կապակցութեամբ։ Հարկ է յիշեցնել, որ Երեւան նախապէս ալ այս խնդիրը օրակարգի վրայ բերած էր։

Արա Այվազեան դիտել տուաւ, որ սահմանի բացման վերաբերեալ ներկայիս բանակցութիւններ չեն ընթանար Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ։

Հայաստանի զանազան լրատուամիջոցներ Արա Այվազեանին քննադատութիւններ հասցէագրած են երէկուան յայտարարութիւններուն համար։ Այսպէս, ըստ մեկնաբանութիւններու, նախարարին խօսքերը այնպիսի մտայնութիւն մը կը ցոլացնեն, որ Արցախի հարցը Թուրքիոյ կողմէ կը համարուէր սահմանի փակպահման համար «օրինական» արգելք մը եւ հիմա ոչինչ կը խանգարէ հարեւաններու յարաբերութիւնները՝ հակառակ մօտաւոր անցեալի բռնութիւններուն։ Նոյն առթիւ մատնանշումներ կատարուած են, որ Արա Այվազեանի երէկուան յայտարարութիւնները հակասութեան մէջ են անոր կողմէ մօտաւոր անցեալին Մոսկուայի մէջ ըսուած խօսքերուն հետ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 11, 2021